image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ վերսկսած են բողոքի ցոյցերը. ոստիկանութիւնն արցունքաբեր կազ կիրառած է

Ֆրանսայի մէջ վերսկսած են բողոքի ցոյցերը. ոստիկանութիւնն արցունքաբեր կազ կիրառած է

Ֆրանսայի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու նոր ալիք բարձրացած է։ Երկրի իշխանութիւնները ոստիկանական հսկայական ուժեր փողոց դուրս բերած են՝ նոր անկարգութիւններն ու թալանը կանխելու համար։

Շարք մը մեծ քաղաքներու մէջ ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրելու նպատակով աշխուժօրէն կը գործածէ յատուկ միջոցներ, ներառեալ արցունքաբեր կազ եւ ձայնային նռնակներ։

Լիոնի մէջ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ գործածած է ուսանողներն ու գործիչները ցրելու համար։ Անոնք անտեսած են քաղաքի կեդրոնին մէջ ցոյցեր կազմակերպելու պաշտօնական արգելքը եւ փորձած են փակել Լիոն-3 համալսարանին մերձակայ ճանապարհին երթեւեկելի մասը։

Քլերմոն-Ֆերանի կեդրոնական փողոցները ներխուժել փորձող ցուցարարները զսպելու համար իրաւապահները գործածած են արցունքաբեր կազ եւ ձայնային նռնակներ։

Փարիզի մէջ, անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, իշխանութիւնները վերջին պահուն փոխած են մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած գլխաւոր ցոյցին երթուղին՝ արտօնելով զայն կատարել բացառապէս մայրաքաղաքին հարաւ-արեւելեան արուարձանին մէջ։ Փարիզի կեդրոնական շրջանները անցած են խստացուած հսկողութեան տակ։ Փակուած են մեթրոյի աւելի քան 20 կայարաններ եւ թանգարաններ, իսկ խանութներու սեփականատէրերը, թալանէ պաշտպանուելու համար, շտապ փայտեայ վահանակներով գոցած են ցուցափեղկերը։

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նիւնիէսի յայտարարութեան համաձայն՝ ամբողջ երկրին մէջ հասարակական կարգի պահպանման գործին լծուած են 70 հազար ոստիկաններ եւ ժանտարմներ։ Գործի դրուած են նաեւ ուղղաթիռներ եւ զրահապատ մեքենաներ։

Հոկտեմբեր 24-ի կէսօրուան դրութեամբ՝ արդէն ձերբակալուած էր 135 անձ։ Բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն խուզարկութեամբ առգրաւուած են մեծ քանակութեամբ արգիլուած իրեր եւ ինքնաշէն զէնքեր։

 

Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող Լիլի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ անչափահասներուն նկատմամբ սահմանուած պարետային ժամը երկարաձգուած է մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ։ Անոնց արգիլուած է առանց չափահասներու ընկերակցութեան փողոց գտնուիլ։