Իրան՝ Յունիս 17-ին, Իսրայէլը հարուածելու ժամանակ գործածած է նորագոյն հրթիռ, որուն իսրայէլցի զինուորականները չեն կրցած հետեւիլ մինչեւ թիրախը հարուածելը։ Այս մասին հաղորդած է «Թասնիմ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Սիոնիստական ռեժիմի դէմ զինուած ուժերու այսօրուան գրոհին ընթացքին օգտագործուած է նոր հրթիռ, որ, ըստ սիոնիստներուն՝ անոնք բնաւ չեն նշմարած մինչեւ անոր իյնաը», – նշուած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ, Իրանի ցամաքային բանակի հրամանատար զօրավար Քիյումարս Հեյտարի յայտարարած էր, թէ Իրանը «առաջադէմ զինատեսակներով» եւ հարիւրաւոր յարձակողական անօդաչու սարքերու օգտագործմամբ հարուածած է Թել Աւիւի, Հայֆայի եւ Իսրայէլի այլ շրջաններու մէջ գտնուող ռազմական կեդրոնները՝ ծրագրելով զօրացնել յարձակումները ժամերու ընթացքին։
Իսրայէլի եւ Իրանի փոխադարձ յարձակումները կը շարունակուին արդէն հինգերորդ օրը։ Իրանի իշխանութիւնները հաղորդած են իսրայէլեան հարուածներէն 220-է աւելի զոհերու մասին, որոնց մեծ մասը քաղաքացիական անձեր են։ Իսրայէլ իր կարգին հաղորդած է իրանեան պատասխան հարուածներէն 24 զոհի մասին։