ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն փետրուար 22-ին հանդիպած է բանտին մէջ մահացած ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի այրիին եւ դստեր հետ եւ նշած, որ Ուաշինկթընը Ռուսիոյ եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդէպ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ։
Այս մասին հաղորդած է Reuters-ը։
«Ան անհաւանական խիզախ մարդ էր, եւ զարմանալի է, թէ ինչպէս անոր կինն ու դուստրը կ՚ընդօրինակեն այդ»,-ըսած է Պայտընը լրագրողներուն Նաւալնիի կնոջ՝ Եուլիայի եւ դստեր՝ Տաշայի հետ հանդիպումէն ետք։
Պայտըն նշած է, որ փետրուար 23-ին Ուաշինկթըն «կը պատրաստուի պատժամիջոցներ յայտարարելու Փութինի նկատմամբ, որ պատասխանատու է անոր մահուան համար»։
Իր հերթին Սպիտակ տունը յայտարարութիւն տարածած է հանդիպումէն ետք՝ գրելով․ «Ճօ Պայտըն հաստատած է, որ իր վարչակազմը վաղը պիտի յայտարարէ Ռուսիոյ դէմ նոր խոշոր պատժամիջոցներու մասին՝ ի պատասխան Ալեքսէյի մահուան, Ռուսիոյ բռնաճնշումներուն եւ յարձակումին, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ անոր դաժան ու անօրինական պատերազմին»։