Տոնպասի երկինքին մէջ յայտնաբերուած է Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու Bayraktar TB2 յարձակողական մարտավարական միջին բարձրութեան անօդաչու թռչող սարք:
Անօդաչուն օդ բարձրացած է Նիքոլաեւի օդայիս խարիսխէն եւ կ'աշխատի Տոնեցքի մերձակայքը գտնուող շփման գիծին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան Քիեւին առաջին յարձակողական Bayraktar TB2-ը մատակարարած էր այս տարուան Յուլիսին: Ընդհանուր առմամբ, Ուքրանիան կը փափաքի այդ անօդաչուէն 48 նմոյշ գնել: