Ամբողջ Տոնպասը ռուսական տարածք է։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը՝ պատասխանելով Life-ի լրագրող Ալեքսանտր Եունաշեւի հարցին՝ Վլատիմիր Զելենսքիի տարածքային հանրաքուէ կայացնելու առաջարկի վերաբերեալ։
Դեկտեմբեր 11-ին Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման շրջածիրէն ներս տարածքներու հարցը պէտք է դրուի հանրաքուէի։