image

Պայրամով Հայաստանի առաջարկը առաջարկ չի համարեր

Պայրամով Հայաստանի առաջարկը առաջարկ չի համարեր

Դեռ փետրուարին ատրպէյճանական կողմը ներկայացուց Հայաստանին խաղաղութեան պայմանագրի 5 հիմնարար սկզբունքները. Հայաստանը յայտարարեց, որ այդ սկզբունքները իրենց յարմար չեն: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովը:

Անոր խօսքով` աւելի ուշ տեղեկութիւններ յայտնուեցան Հայաստանի 6 առաջարկներու մասին. «բայց ամենահետաքրքիրն այն է, որ բոլորը տեսան Հայաստանի ընդունած փաստաթուղթը: Սակայն եթէ նայիք փաստաթուղթին, ապա այն առաջարկներ կոչել կարելի չէ: Ներկայացման պահին այդ փաստաթուղթը Ատրպէյճանի առաջարկներուն հայկական կողմի արձագանգի տեսքով էր: Ես կրնամ թուարկել արձագանգի այդ 6 կէտերէն մի քանիսն, եւ դուք եւս կրնաք եզրակացութիւն ընել, թէ որքանով զանոնք կարելի է առաջարկութիւն անուանել»:

Նախարարը նշած է, որ կէտերէն մէկը այն է, թէ ինչու ատրպէյճանական կողմը Փետրուար 21-ի հիմնական առաջարկները Մարտի սկիզբը ներկայացուց Հայաստանին. «Ատրպէյճանը առաջին իսկ օրուընէ նշած է, որ հիմնական առաջարկները ներկայացուած են միջնորդներու միջոցով: Անոր մասին պէտք է հարցնել միջնորդներուն: Եթէ Ատրպէյճանը նշած է Փետրուար 21-ը, ապա ներկայացուցած է հէնց այդ օրը: Յաջորդ կէտը այն է, որ Հայաստանը որեւէ տարածքային պահանջ չունի Ատրպէյճանէն: Դեռ 1992-ին երկու երկիրներն ալ, ըլլալով ԱՊՀ անդամ, ճանչցած են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը: Եւ դա ինչ-որ չափով Ատրպէյճանի հիմնարար սկզբունքի կրկնութիւնն է»: