Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փաստացի խաղաղութիւն հաստատուած է։ Այս մասին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 81-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկման ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Պայրամով նշած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը տնտեսական կապերու զարգացման հնարաւորութիւններ բացած է Հայաստանի հետ։
«Այսօր մենք հասած ենք փաստացի խաղաղութեան։ Աւելին՝ միակողմանիօրէն վերացնելով տարանցման սահմանափակումները՝ Ատրպէյճանը կը նպաստէ դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու փոխադրման։ Մենք նաեւ երկկողմ առեւտուր հաստատած ենք։ Ատրպէյճանը Հայաստանին կանոնաւոր կերպով կը մատակարարէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նաւթամթերք՝ հակառակ շուկաներուն մէջ անկայունութեան աճին եւ այդ ապրանքներու նկատմամբ միջազգային պահանջարկի մեծացման»,– ըսած է Պայրամով։
Ան յիշեցուցած է, որ 2025 թուականի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն եւ նախաստորագրած՝ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրը։
«Այս յայտարարութեամբ երկու կողմերը հաստատեցին հակամարտութեան աւարտը եւ խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայն համատեղ կերտելու իրենց կամքը»,– նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։