image

Թրամփ հրաժարած է եօթ օրով hրադադար հաստատելու Իրանի առաջարկէն․ WSJ

Թրամփ հրաժարած է եօթ օրով hրադադար հաստատելու Իրանի առաջարկէն․ WSJ

Իրանը Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած է եօթնօրեայ հրադադարի ծրագիր, որուն նպատակն է վերականգնել նաւագնացութիւնը Հորմուզի նեղուցով։ Սակայն ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է առաջարկը եւ չէ բացառած ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը, գրած է «The Wall Street Journal»-ը։

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի աւելի վաղ ՄԱԿ-ի մէջ լրագրողներուն յայտնած էր, որ Թեհրան խաղաղութեան ծրագիրը փոխանցած է Քաթարի միջոցով։ Անոր խօսքով՝ համաձայնագիրը կը նախատեսէր եօթնօրեայ ժամկէտի հաշուարկ, որուն հետեւանքով պիտի բացուէր Հորմուզի նեղուցը եւ դադրեցուէին տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները։

«Եթէ ամերիկեան կողմէն առկայ է համաձայնութեան հասնելու եւ Հորմուզի նեղուցը բանալու լուրջ մտադրութիւն, ապա ատոր համար այժմ ամէն ինչ պատրաստ է»,– յայտարարած է Արաքչի։

Այնուամենայնիւ, «The Wall Street Journal»-ը, վկայակոչելով ամերիկացի անանուն պաշտօնեաներ, հաղորդած է, որ Թրամփ մերժած է Իրանի առաջարկը եւ իր խորհրդականներուն ըսած, որ կ՚ակնկալէ ռմբակոծութիւններու վերսկսում՝ Նոյեմբերին նախատեսուած Քոնկրէսի ընտրութիւններէն ետք։

ԱՄՆ նախագահը նաեւ «Truth Social» ընկերային հարթակին վրայ հրապարակած է Հորմուզի նեղուցի քարտէզը՝ շրջագծելով տարածքը եւ պատկերը մակագրելով «Թրամփի նեղուց» (Trump’s Strait) անունով։

Այս շաբաթ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ ունենալու ժամանակ Թրամփ յայտարարած է, որ կարեւոր որոշման մը առջեւ կանգնած է՝ ոչնչացնե՞լ Իրանը, թէ՞ համաձայնութեան գալ անոր հետ։