Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը ընդունած է Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ճոշուա Հաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, այդ մասին յայտնած է ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։
Ըստ աղբիւրի՝ կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ներկայ իրավիճակն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմը տեղեկացուցած է այդ գործին մէջ առկայ «խոչնդոտներու» մասին։
Բացի այդ, երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները զրուցած են ամերիկա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին՝ կեդրոնանալով նաեւ ուժանիւթի հարցերու վրայ։
Ամերիկացի պաշտօնեան նախօրէին Հայաստան կը գտնուէր, ուր հանդիպած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, ինչպէս նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին։ Հայ-ամերիկեան բանակցութիւններուն մէջ կողմերն անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ զրուցած Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին: