image

Patriot-ի եւ HIMARS-ի համար հրթիռներ. Միացեալ Նահանգներէն ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ՝ Ուքրանիոյ

Patriot-ի եւ HIMARS-ի համար հրթիռներ. Միացեալ Նահանգներէն ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ՝ Ուքրանիոյ

Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ 300 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ, ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպին։

Նոր փաթեթը պիտի ներառէ զէնիթահրթիռային համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հակաթանկային համակարգեր, աւելի քան 30 միլիոն փամփուշտ, ականազերծման սարքաւորումներ, հրետանային եւ հրասայլային արկեր։

Ըստ Ճոն Քըրպիի՝ Միացեալ Նահանգները Քիեւին պիտի տրամադրէ նաեւ Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, HIMARS հրթիռային կայաններու եւ անօդաչու թռչող սարքերու համար նախատեսուած զինամթերք։