image

Խաղաղութի՞ւն, բայց, ի՞նչ գնով եւ որո՞ւ հաշուոյն. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Խաղաղութի՞ւն, բայց, ի՞նչ գնով եւ որո՞ւ հաշուոյն. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Լիբանանեան Խաչմերուկներուն Վրայ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԲԱՅՑ, Ի՞ՆՉ ԳՆՈՎ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՇՈՒՈՅՆ

Համաշխարհային պատմութեան մէջ, միջպետական ու միջազգային բազմաթիւ ու խայտաբղէտ դաշինքներ ստորագրուած են, համաձայնագիրեր արձանագրուած, հաղորդագրութիւններ հրապարակուած, պայմանագիրեր գրանցուած, որոնք բոլորն ալ կը միտին, ինչ-որ ծրագիրի մը, յայտագիրի մը, նախաձեռնութեան մը, կազմակերպչականութեան մը կամ համագործակցութեան մը յաջողութեան կամ դրսեւորման իրականացումին։

Անշուշտ, այդ բոլորը կը բխին՝ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, աշխարհագրական, սահմանագծական, պատմական, հարեւանական, առեւտրական հիմքերէ ու տուեալներէ, նայած իւրաքանչիւր կողմ, ինչպէս կը հետապնդէ զանոնք իրագործելու հնարքներն ու շահոյթները։

Դժբախտաբար, այս գործարքները, միշտ չէ որ կ’ըլլան բարւոք, հանրօգուտ ու կառուցողական, մանաւանդ երբ՝ հարցերը նուրբ ու սուր են, հրատապ ու բարդ, խճճուած ու խրթին, իսկ զանոնք դիմագրաւելը, արծարծելը կամ լուծելը կը դառնան խիստ հարցական ու թէական, ստեղծելով նորանոր թնճուկներ, կնճիռներ ու ճեղքեր, աւելի թեժացնելով ու խստացնելով փոխադարձ հասկացողութիւններու ու համակերպութիւններու հեզասահութիւններն ու հանդուրժողութիւններու հաւանականութիւնները։

Նոյն պատմութիւնը, իր անցեալով թէ ներկայով, բազմաթիւ օրինակներով ու դրուածքներով, միշտ ողողուած է, յիշատակելի կամ կողմնակի դրուագներով, որոնք անհետեւանք եւ անլոյծ կարգավիճակներու մէջ գտնուած են, որովհետեւ, խնդրոյ առարկայ կողմեր, միջին եզրեր չեն գտած, անզիջող եղած են, իրենք զիրենք ուզած են պարտադրել կամ բռնանալ, իրենք զիրենք գերադասած՝ ամբարտաւանացած, գռեհկանացած կամ վայրենացած, ամէն ինչ գլխիվայր շրջելով, լաւագոյն պարագային, կիսատ կամ մասնակի եզրոյթներու յանգելով։

Իսկ նման անբարեյաջողութիւնները կամ կիսայաջողութիւնները, կրնա՞ն աշխարհին բերել նպաստաւոր պայմաններ, առնուազն, կարճատեւ «պիտանի»ութեան հեռանկարի մը կարելիութեամբ։

Այսօր, եթէ աչք մը նետուի աշխարհատարածքային համայնապատկերին վրայ, կարելի՞ է տեսնել կամ գտնել շրջապատային կամ երկրագծային հանդարտաբարոյ, համերաշխաբարոյ կամ գործաբարոյ հորիզոններ, ուր՝ մօտաւոր թէ հեռաւոր պետութիւններու միջեւ կան, բարի դրացիական, բարեկամական եւ ընկերական բարեբեր եւ արգասաբեր յարաբերութիւններ։

Եթէ անտեսենք կամ շրջանցենք կարգ մը բեւեռներու միջեւ գոյութիւն ունեցող «գաղջ» կամ «թոյլ» յարաբերութիւնները, որոնք ոչ կը պակսեցնեն, ոչ ալ կ’աւելցնեն ազդեցիկ յարաբերութիւններու «ջերմութիւնները» այլոց հետ ու միջեւ (քանի՝ ոչ քաշողական ու ոչ ալ գրաւչական հմայքներու մէջ կը ծածանին), ապա, բացառուած կը նկատենք, միւս հորիզոնականներուն վրայ թառող, նշմարուող եւ ապաստանող երկիրներուն կամ պետութիւններուն միջեւ դոյզն բարի տրամադրութիւններ, պարկեշտութիւններ, անկեղծութիւններ ու պատրաստակամութիւններ, որոնց միջեւ, դժուար է գտնել նուազագոյն չափանիշներով բարեմասնութիւններ, հանդէս գալու օժանդակութիւններով եւ օգնութիւններու «սրտամօտիկ» առաջադրանքներով, զօրակցութիւններով ու ներգործութիւններով, ամէն պահու, երբ փոխադարձ կարիքները կը պահանջեն։

Վերջին հաշուով, համաշխարհային, համապետական ու հայրենական պատերազմները, օրինակի համար, ինչո՞ւ պատահեցան եւ ի՞նչ հետապնդելու, բացի դիմացի կողմ մը, դրկից մը, հանդիպակաց հարեւան մը... ճզմելու, ոչնչացնելու ու շոգիացնելու, եւ կամ՝ իրենց հզօրաշէն թեւերուն մէջ առնելու «զոհ»եր, զանոնք ձուլելու կամ ինքնաթափելու մարդապիղծ յաւակնութեամբ։

Եղան ժամանակներ, ոչ հեռաւոր, երբ 19րդ եւ 20րդ դարերուն, պահ մը կարծուեցաւ, որ նման հոգեբանութեամբ ու ծայրայեղութեամբ վերաբերմունքները վերացուած են կամ դադրած, սակայն, ո՛չ, անոնք մոխիրին տակ թաքնուած էին, միշտ կրակաբաշխ ընելու ամբողջ իրականութիւններ, իրենց մարդկայնութեամբ ու մարդագոյութեամբ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի «աւարտ»էն ետք, կեղծ, նենգամիտ ու դաւադրական կարգախօս մը տարածուեցաւ՝ «Պաղ պատերազմ» յորջորջումով, որ շատ աւելի կործանարար, դժոխաբեր ու վտանգաւոր էր, քանի իր վարագոյրներու ետին կը կուտակէր հակամարդկային, հակացեղային, հակազգային, բայց, ամենէն ահաւորը՝ ինքնաքաղաքական, ինքնակառավարման եւ ինքնիշխանական մոլուցքներով վարակուած ռազմաքաղաքականութիւն մը։

Բոլոր անոնք, որոնք ապրեցան (ու կ’ապրին) այդ ԸՆԴՅԱՏԱԿԵԱՅ (բայց, վերնախաւային) բռնաքաղաքականութեան հրէշային աւերներն ու կոտորածները, ոչ անասուններու հաշուոյն, այլ՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ, կը հասկնան ու պէտք է հասկնան, թէ այդ գիշատիչները, ինչպիսի՜ աղէտ էին եւ ինչպիսի՜ արիւնարբութեամբ կը գործէին, տեղ մը իրենց հնոցներէն ներս, բայց, ամենէն աւելի անոնց դէմ, որոնք իրենց սայլակներուն չէին հետեւիր կամ կը պայքարէին իրենց դէմ։

Այս հպանցիկ, այլապէս ցաւագինօրէն յուշող ու սրսկող պատումները, եթէ՝ երէկ ուրիշ գոյն ու հետք ունէին (տեսանելի թէ ոչ), այսօր, անոնք կը ճաթռտան ու կը ձաբռտան, յականէ-անուանէ, իրենց զռաբանութիւններով ու խելագարութիւններով, թէ՝ աշխա՞րհը նուաճուած, զաւթած, թէ՞՝ կրողին ծոցը հանգրուանած են։

***

Այս ճեպընթաց մտորումներուն ու խոկումներուն մէջ մխրճուեցայ (ոչ առաջին անգամ ըլլալով), բայց, նոր զարգացումներու լոյսին տակ, երբ կայսերական պետութեան մը շարունակուող ու վերանորոգուող ծաղրածուական «շքերթ»ները, իրենց գագաթնակէտին հասցուցին ամէն ինչ որ սրբութիւն է, նուիրականութիւն ու բարոյականութիւն, իրենց ազնուագոյն դիտարկումներով ու բնորոշումներով, մինչդեռ, անիկա, ինքզինք վարկաբեկեց, արատաւորեց ու նսեմացուց, ամենէն ստորնամիտ չափանիշներով։

Նոյն խաչագողութեան միւս էշալծակը, իր անտանելի վարքագծութեամբ եւ սրտխառնելի անհանդուրժելիութեամբ, երբ ամբողջ աշխարհին ու մարդկութեան դէմ սուր կը ճօճէ, կը սպառնայ, կը պախարակէ ու կը նզովէ, յետոյ ալ, ինքզինք կը նկատէ հրէածին... «մեսիա», հետաքրքրական է, աշխարհին մէջ չկա՞յ մէկը, ուժ մը, հեղինակութիւն մը, բարձրութիւն մը, որ այս «կոտոշաւոր յիմար»ին ըսէ. «Դուն չարաստանի ծնունդ ես, չորքոտանիի ծնունդով»։

Սակայն, կը թուի, թէ կայսերականութեան հովերով ու թռչիքներով, ինքզինք յաւերժափայլող «աստղ» նկատող մը, իր կողքին (կամ գլխուն) ունենալով նաեւ «խաւարամիտ» մը, ինչպէ՞ս զիրար գտած են, ամբողջացուցած, մինչ իրենց ժողովուրդները (կամ հետեւորդները), արդէն համոզուած են, որ առաջինը՝ արդէն իրենց երկիրը «մրոտած» է, իսկ երկրորդը՝ իրենց (չ)երկիրը անուանարկած։

Եթէ այս է դառն ու ճղճիմ իրականութիւնը, որուն արանքէն կրնա՞յ ծնիլ «խաղաղութեան դաշինք(՞)՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ (այժմ չխօսինք՝ Ամերիկա-Իրանի մասին), ատիկա եթէ ցնորք չէ, ապա, ի՞նչ կարելի է որակել կամ անուանել։

Չենք գիտեր (բայց, գիտե՛նք), ո՞վ ինչպէս ընկալեց այս խաղաղութեան դաշինքի մը հաւանական իրականացումը, բայց, մարդ ո՞րքան տհաս եւ տգէտ պէտք է ըլլայ, հաւատալու թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է նման (չ)պետութեան մը հետ, «կլոր սեղան»ի մը շուրջ նստիլ, երբ ան, միայն անմեղներ սպաննած է, նահատակներ արձանագրած, քանդումներ կատարած, բռնագրաւումներու դիմած, հիմա ալ, անոր հետ դէմ-յանդիմա՞ն նստած, խաղաղութեան ընտրանքներու մասի՞ն խօսիլ։

Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ ու համակերպիլ, բռնագրաւիչի մը, բռնազաւթիչի մը, բռնատիրողի մը ու բռնազեխի մը հետ, որ երկրիդ մեծ մասը աւերած է, հազարաւոր զոհեր պարտադրած ու տեղահաններու դուռ բացած է, եւ ոչ միայն այսքան, հիմա ալ, որպէս «անմեղ», պիտի նստիլ ոճրագործներո՞ւ դիմաց եւ անոնց հետ պիտի քննարկուի՞, խաղաղութիւն մշակելու եւ իրականացնելու կարելիութիւններուն մասին։

Կա՞յ այսպիսի ցնդաբանութիւն, կա՞յ այսպիսի էշաբանութիւն, կա՞յ այսպիսի աննորմալութիւն, կա՞յ այսպիսի տհասութիւն, որոնց այլանդակ «հերոս»ներն են, բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, իրենք բան մը կը շահին այս մերձեցումներէն, երբ ատոնք՝ ընդհակառակը... մեռցնողներ են։

***

Իսլամապատը դարձաւ այն կեդրոնաքաղաքը, ուր Լիբանան-Իսրայէլ ունեցան իրենց պաշտօնական հանդիպումները (իբր թէ) բանակցութիւններու գնով, հասնելու համար, գէթ «ընդունելի» արդիւնքներու, ընդ հովանեաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։

Ի սկզբանէ՝ անճիշդ եւ անտեղի, ծուռ ու թեք հաւաքատեղի, օրակարգ, մասնակցութիւն թէ՝ հաւանականութիւն... (ան)յաջողութեան։

Պարզ եւ անմեղ հարցում. Եթէ Ամերիկան է այս փորձանաւոր նախաձեռնութեան առաջնորդը, հիմնովին ձախաւեր է, իր կողմնակալութեամբ, անարդարութեամբ, անիրաւութեամբ եւ, ընդհանրապէս, անչէզոքութեամբ։

Իսրայէլեան «խրտուիլակ»ային թեզերը, երբեւէ չէին կրնար ըլլալ, նոյնիսկ բանակցային օրակարգ, երբ՝ «մարդուկ-խամաճիկ»ներ կը պահանջեն Լիբանանի հարաւը առնել իրենց իշխանութեան տակ, մինչ՝ Լիբանանեան կողմը, շատ գործնական, իրաւական եւ անմիջական պահանջքներով կը ներկայանայ. հրեաները կը քաշուին (ոչ թէ կը հեռանան) հարաւէն եւ յարակից շրջաններէն, լիբանանեան բանակը լրիւ կը ստանձնէ այդ տարածքները ու գերիները կը վերադարձուին։

Գայթակղութիւն-գայթակղութեանցը այն էր, որ նոյն այդ պահերուն, իսրայէլեան չարաբաստիկ ուժերը, իրենց զինուորական թռիչքներով, տակաւին կը ռմբակոծեն ու կը հրթիռակոծեն Լիբանանը, այս անգամ... մայրաքաղաք Պէյրութը թիրախ դարձնելով ու պատճառելով զոհեր, զոհեր ու զոհեր, քանդումներ ու քանդումներ, ուր ոչ մէկ, իրենց համար, անբաղձալի տարրեր կային եւ հարիւրաւոր բնակիչներ կը սպաննէին եւ աւերներ կը գործէին։

Լա՛ւ, պարոնայք կոտոշաւորներ, դո՛ւք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ու կը բացատրէք այս աննախադէպ ըլլալու չափ հրէշագործողութիւնները, չէ՞ որ, ձեզի համար կան «թշնամի»ներ (ձեր հայեցակէտով), բայց, դո՛ւք, ձեր հակալիբանանեան արշաւանքներով, շա՜տ աւելի անմեղներ սպաննեցիք, շա՜տ աւելի անտեղի վայրեր թիրախաւորեցիք։

Սակայն, հարցը այն է, որ եթէ դուք այդ բոլորը ըրիք գիտակցաբար ու զօրակցաբար, ինքնագլուխ, բայց, կ’ըսուի թէ՝ ձեր գլխուն կար, ուրիշ... անգլուխ-գլուխ մը, որ ինքզինք կը նկատէր համայն աշխարհագունդի... իմաստակութեան անդիմագիծ մը, իսկ այդ մտածումները եւ վերագրումները, իմ կողմէս չեն, անգամ մը նայեցէք, թէ Ամերիկայի պետական, քաղաքական, ծերակուտական շրջանակներուն մէջ, ի՞նչ կը խօսուի, ի՞նչպէս կը խօսուի եւ ի՞նչ զայրոյթ կայ մեծամասնութեան մօտ, որ Ամերիկայի նման հզօր կայսրութեան մը վարկանիշ մը ո՞ւր հասած է, որովհետեւ, Թրամփը, փոխանակ ինք նստի իշուն վրայ, ճիշդ հակառակն է որ կը պատահի։

***

Լիբանանեան մակարդակի վրայ, ի՛նչ ալ ըլլան անցուդարձերը, իրադարձութիւնները, զարգացումներն ու մագլցումները, անշուշտ, բոլորին ալ կը շահագրգռէ ու կը մտահոգէ, հաւասարապէս ու գերազանցապէս։

Այդուհանդերձ, երբ լայն ֆոնի վրայ կը դիտենք ու կը խորաչափենք տեղի ունեցող վերիվայրումները, պատահարները ու ցնցումները, իրենց զանազան տեղաշարժերով, մակընթացութիւններով ու թաւալումներով, տեղ մը, ներքին թէ արտաքին առումներով, հարց կը ծագի, թէ լիբանանահայութիւնը, ո՞րքանով իրազեկ է այս համաքաղաքականութենէն եւ ո՞րքանով կը բաժնէ (կամ ոչ), ի՞նչ տեղի կ’ունենայ եւ կրնայ ունենալ յետագային։

Անշուշտ, կասկած չկայ, որ լիբանանահայ հատուածներէն շատեր, ոչ միայն կ’ըմբռնեն, այլեւ կ’ապրին այն ցաւերը ու տագնապները, որոնք կը տիրեն իրենց չորսդին եւ, երբեք ալ անտարբեր չեն, տեղի ունեցող «բռնկում»ներէն, որոնց նկատմամբ, պատրաստ են, իրենց լիբանանեան-հայկական յստակ դիրքորոշումը կամ կողմնորոշումը ունենալ, անվերապահօրէ՛ն։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)