Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքներու վերացումն էական է երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի եւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ընդլայնման տեսանկիւնէ։ Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։
«Ողջունում ենք ՀՀ հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքները վերացնելու վերաբերեալ Թուրքիայի որոշումը, որը Հայաստանի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի հերթական արդիւնքն է:
Այդ որոշումը էական է երկու երկրների միջեւ առեւտրի եւ գործարար շրջանակների միջեւ կապերի ընդլայնման, տարածաշրջանում տնտեսական կապակցուածութիւնը խթանելու եւ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման տեսանկիւնից» ,- գրած է Բադալեանը:
ԱԳՆ մամուլի խօսնակը նշած է, որ սա կարեւոր քայլ է երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք ու բնականոն յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, որ կրնայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը ստանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր ընելու արգելքներու վերացման որոշումը պայմանաւորած է 2022-էն ի վեր երկու երկիրներու միջեւ ընթացող վստահութեան ամրապնդման գործընթացով։
Մայիս 13-ին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝
«Հայաստանի հետ 2022-էն ի վեր շարունակուող յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ ձեռնարկուած վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու շրջածիրէն ներս, մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուր սկսելու վարչական աշխատանքներն աւարտած են 2026-ի մայիս 11-ին»։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը այդ պարունակին մէջ շեշտած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան ու զարգացման առաջընթացի մասին։