Իրան Միացեալ Նահանգներուն յայտնած է, որ ամերիկեան կողմի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի կայացնէ միայն այն բանէ ետք, երբ Ուաշինկթըն բաւարարէ հինգ պայման։ Այս մասին հաղորդած է իրանական Fars գործակալութիւնը։
Հարցին ծանօթ աղբիւրը յայտնած է, որ այդ հինգ պահանջները հետեւեալն են՝ պատերազմի աւարտ բոլոր ճակատներուն վրայ, մասնաւորաբար՝ Լիբանանի մէջ, Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերացում, իրանական միջոցներու ապասառեցում, պատերազմի պատճառած վնասի փոխհատուցում եւ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ Իրանի ինքնիշխանութեան ճանաչում։
Աղբիւրը նշած է, որ այս պայմանները պէտք է բաւարարուին՝ բանակցութիւններէն առաջ վստահութեան նուազագոյն մակարդակ ապահովելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի X-ի մէջ յայտնած է, որ իրական խաղաղութեան հնարաւոր չէ հասնիլ սպառնալիքներու եւ հարկադրանքի միջոցաւ։ Անոր համաձայն՝ իրանական ծրագիրը մերժուած է, որովհետեւ այն անձնատւութեան առաջարկ չէ եղած, հետեւաբար յստակ կը դառնայ, որ «գլխաւոր հարցը ոչ թէ խաղաղութիւնն է, այլ քաղաքական կամքի պարտադրումը՝ սպառնալիքներու եւ ճնշման միջոցաւ»։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շեշտած է յստակ սկզբունքներ՝ պատերազմի մշտական դադրեցում եւ ատոր չկրկնուելու երաշխիքներ, վնասի փոխհատուցում, պաշարման վերացում, անօրինական պատժամիջոցներու չեղարկում եւ Իրանի իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք»,- գրած է ան՝ աւելցնելով, որ ասոնք առաւելապաշտական պահանջներ չեն։
Իրան իր պայմանները ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն՝ ի պատասխան Ուաշինկթընի առաջարկին, որ կը ներառէր Իրանի կողմէ միջուկային ծրագրէն հրաժարում՝ պատժամիջոցներու մեղմացման դիմաց։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի պատասխան առաջարկը «անընդունելի» որակած էր։