image

Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարան. Տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի աշակերտական յուշահանդէս

Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարան. Տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի աշակերտական յուշահանդէս

Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ աղօթքով եւ խնկավառութեամբ, ապա Վարժարանիս ուսուցչակազմն ու աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներուն։

Լիբանանի  Մխիթարեան Վարժարանի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի ոգեկոչում նախագահութեամբ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր Հայր Մեսրոպ Սիւլահեանի։

Օրուան ձեռնարկին մասնակցեցան պաշտօնական հիւրեր, որոնց շարքին՝ օրուան հովանաւոր նախկին նախարար Տէր եւ Տիկին Վրէժ Սապունճեան, Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան, օրուան գլխաւոր բանախօս ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Տիար Վահրամ Էմմիեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան ատենապետ Տք. Աւետիս Տագէսեան, զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Ուատիհ Խազէն, «Զարթօնք»ի խմբագիր Պրն. Վիգէն Թոսունեան եւ Vresso Int. հաստատութեան պատասխանատուներ։

Աշակերտները ներկայացուցին ասմունք, նուագ եւ պար։

Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ աղօթքով եւ խնկավառութեամբ, ապա Վարժարանիս ուսուցչակազմն ու աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներուն։