Մայիս 9-ին, Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Վատիկանի մօտ ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանի օրհնութեամբ եւ ձեռամբ, Մկրտութեան խորհուրդին արժանացան Հայաստանէն Հռոմ եկած եւ բարձրագոյն ուսում ստացող հինգ ուսանողուհիներ։
Անցնող ամիսներուն, մասնակցելով կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներուն եւ ծանօթանալով Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին, անոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ սրտի թրթիռով կը սպասէին մկրտուելու եւ քրիստոնէական կոչման արժանանալու այս առիթին։
Հինգ ուսանողուհիներու մկրտութեան կնքահայրութիւնը ստանձնեցին հինգ երիտասարդներ, որոնք վերջին շրջանին գործօն կերպով կը մասնակցին եկեղեցական համայնքի կեանքին եւ կը սպասարկեն խորանին։
Ապա, հինգ ուսանողուհիներու մկրտութեան առիթով, անոնց ընկերները եւ տեղւոյն համայնքի երիտասարդները մեծ գուրգուրանքով եւ ուրախութեամբ միացան տօնակատարութեան՝ սիրոյ սեղանի շուրջ, Քահանայապետական Russicum քոլեճի բացօթեայ սրահին մէջ, որ նաեւ դարձաւ շուրջ յիսուն երիտասարդներու անդրանիկ հաւաքատեղին։
Տօնախմբութեան սկիզբը Սրբազան Հայրը նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւներուն՝ Հայր Աթանասին Սարգսեանին եւ Հայր Պսակ Թեփիրճեանին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամներ Լուսինէ Աբրահամեանին եւ Նաիրա Քերոբեանին՝ կազմակերպչական ջանքերուն, հոգատար ծառայութեան եւ երիտասարդները համախմբելու կարեւոր առաքելութեան համար։
Դիմելով տօնական սեղանի շուրջ համախմբուած երիտասարդներուն՝ Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ ըլլան միասնական, իրարու հանդէպ սիրով ու հոգատարութեամբ լեցուն, եւ պահպանեն իրենց հայ հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ իրենք են մեր ներկայի եւ ապագայի յոյսը, եւ իրենց միջոցաւ հայ բազմադարեան հարուստ մշակոյթը պիտի շարունակուի եւ առաւել եւս հարստանայ։
Սրբազան Հայրը երիտասարդները նաեւ քաջալերեց, որպէսզի երբեք չկորսնցնեն իրենց հաւատքն ու յոյսը, քանի որ դժուարութիւններու եւ անորոշութիւններու ժամանակ հաւատքն ու յոյսը կ’օգնեն մարդուն ամուր մնալ եւ յաղթահարել մարտահրաւէրները։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ զօրավիգ կանգնելու Հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման գործին, ինչպէս նաեւ աշխուժօրէն մասնակից դառնալու համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին։
.jpg)
.jpg)
.jpg)