image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիները պղծած են Արցախի Վաղուհաս գիւղի գերեզմանոցը

Ատրպէյճանցիները պղծած են Արցախի Վաղուհաս գիւղի գերեզմանոցը

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու գերեզմանոցը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վանտալիզմի հերթական թիրախ դարձած է։ Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանի դիմատետրեան էջէն։

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան, «Ազգային» պատմամշակութային հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Յովիկ Աւանեսովը հրապարակման մէջ նշած է, որ ատրպէյճանական ընկերային ցանցային տիրոյթին մէջ հրապարակուած տեսանիւթի ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծութիւնը՝ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, էթնիք ատելութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու պարունակին մէջ, թոյլ կու տան արձանագրել շարք մը խիստ մտահոգիչ եւ դատապարտելի դրսեւորումներ։

«Առաջին հերթին ակնյայտ է էթնիկ եւ կրօնական թիրախաւորման հանգամանքը։ Գերեզմանաքարերի վրայ առկայ հայերէն արձանագրութիւններն ու զոհուած ազատամարտիկների պատկերները յստակ ցոյց են տալիս, որ թիրախաւորուել է ոչ թէ պարզապէս գերեզմանոց, այլ հայկական ինքնութեան, ազգային յիշողութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան կարեւորագոյն վայր։ Սա սովորական վանդալիզմ չէ, այլ էթնիկ ատելութեան վրայ հիմնուած կանխամտածուած գործողութիւն, որի նպատակը հայկական հետքի վերացումն ու պատմական յիշողութեան ջնջումն է։

Տեսանիւթում արձանագրուած գործողութիւններն առանձնանում են բացառիկ ցինիզմով եւ սրբապղծութեամբ։ Տեսանիւթի հեղինակը միտումնաւոր քայլում է տապանաքարերի վրայով, կանգնում հանգուցեալների դիմանկարների վրայ, հարուածում ու պղծում դրանք։ Այս վարքագիծը ոչ միայն գերեզմանների վնասում է, այլեւ զոհուածների յիշատակի, յուղարկաւորութեան սրբութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան կանխամտածուած անարգանք։ Նման գործողութիւնները հակասում են ոչ միայն միջազգային իրաւական նորմերին, այլեւ համամարդկային բարոյականութեան ամենատարրական սկզբունքներին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւանեսովը նշած է, որ տեսանիւթին մէջ կ՚երեւին նաեւ բազմաթիւ ջարդուած, կտրատուած, տեղահանուած եւ վնասուած գերեզմանաքարեր, որ կը վկայէ, որ գերեզմանոցը ենթարկուած է համակարգուած եւ նպատակային աւերածութեան։ Վնասներու ծաւալն ու բնոյթը կը վկայեն ոչ թէ առանձին միջադէպի, այլ մշակութային արժէքներու կանխամտածուած ոչնչացման քաղաքականութեան մասին։ Պաքուի բռնապետական վարչակարգի կողմէ ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ յիշողութեան վայրերու դէմ իրականացուող նման գործողութիւնները վաղուց արդէն կը կրեն շարունակական եւ համակարգային բնոյթ։

«Առանձնակի վտանգաւոր եւ դատապարտելի է նաեւ հոգեբանական ահաբեկչութեան բաղադրիչը։ Գործողութիւնների տեսաձայնագրումը եւ դրանց տարածումը սոցիալական հարթակներում, ինչպէս նաեւ տեսանիւթում հնչող ադրբեջաներէն արտայայտութիւնները փաստում են, որ կատարուածը նպատակ ունի ոչ միայն ոչնչացնել հայկական մշակութային ներկայութեան հետքերը, այլեւ հոգեբանական ճնշում գործադրել զոհուածների հարազատների, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ ամբողջ հայ հասարակութեան վրայ։ Սա բացայայտ նուաստացման, վախի եւ անպաշտպանութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու փորձ է, որն ունի նաեւ քարոզչական բնոյթ։

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ տեսանիւթը կարող է ծանր հոգեբանական ազդեցութիւն ունենալ զոհուած ազատամարտիկների հարազատների եւ հանրութեան վրայ, այն չենք հրապարակում։ Տեսանիւթը պահպանւում է Արցախի մշակութային ժառանգութեան օմբուդսմենի գրասենեակի արխիւում՝ որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող հերթական յանցաւոր գործողութեան փաստական ապացոյց։

Հարկ է ընդգծել, որ Վաղուհաս գիւղում հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու յիշատակի պղծման սա առաջին արձանագրուած դէպքը չէ։ Դեռեւս 2024 թուականի յունուարի 5-ին մեր գործընկեր՝ Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն ՊՈՒԱԿ-ը ահազանգել էր, որ ադրբեջանցի զինուորները ոչնչացրել են գիւղի ճանապարհամերձ հատուածում գտնուող՝ 2020 թուականին Ադրբեջանի կողմից Արցախի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմի ընթացքում զոհուած Մխիթար Աղաբեկեանի յիշատակին 2021-ին կանգնեցուած խաչքարը։ Խաչքարի հեղինակն էր Եուրա Մանգասարեան (https://www.aravot.am/2024/01/05/1392100/... ) ։ Այս փաստը եւս մէկ անգամ ապացուցում է, որ հայկական յիշողութեան եւ մշակութային ներկայութեան դէմ իրականացուող գործողութիւնները պատահական կամ մէկանգամեայ դրսեւորումներ չեն։

Ադրբեջանի իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած Արցախում առանձնակի դաժանութեամբ եւ հետեւողականութեամբ ոչնչացնում ու պղծում են հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսների յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններն ու գերեզմանոցները։ Այս գործողութիւններն արդէն դուրս են եկել առանձին վանդալիզմի դէպքերի շրջանակից եւ վերածուել պետական մակարդակով իրականացուող համակարգուած քաղաքականութեան, որի նպատակը հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան վերացումն ու ազգային յիշողութեան ջնջումն է։ Արցախի տարբեր բնակավայրերում արդէն արձանագրուել են նմանատիպ տասնեակից աւելի փաստեր, որոնք փաստում են մշակութային ցեղասպանութեան հետեւողական ընթացքը։

Միջազգային հանրութեան լռութիւնն ու ոչ համարժէք արձագանգը շարունակում են նպաստել անպատժելիութեան մթնոլորտի խորացմանը։ Մինչդեռ մշակութային ժառանգութեան, սրբավայրերի եւ գերեզմանոցների նկատմամբ նման գործողութիւնները պէտք է արժանանան յստակ քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական գնահատականի։ Երբ թիրախաւորւում են զոհուածների գերեզմանները եւ ազգային յիշողութեան վայրերը, վտանգւում են ոչ միայն մէկ ժողովրդի իրաւունքները, այլեւ համամարդկային այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է քաղաքակիրթ աշխարհի գոյութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։