Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ մեկնարկած է Յաղթանակի օրուան շքերթը։ Այն հեռարձակուած է ռուսական հեռուստաալիքներով։
2007 թուականէն ի վեր առաջին անգամ շքերթը կայացած է առանց ռազմական հրասայլի։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս որոշումը բացատրած է «ներկայիս գործող իրավիճակով»։ Սուվորովի եւ Նախիմովի անուան ռազմական դպրոցներու ուսանողները նոյնպէս չեն մասնակցած շքերթին։ Շքերթի օդային մասը, սակայն, այս տարի չէ չեղարկուած։