Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Մոսկուայի մէջ կայանալիք մայիս 9-ի շքերթին։ Այս մասին յայտնած է վարչապետը մայիս 7-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Ապլրիլին ՌԴ կատարած այցի ընթացքում ՌԴ նախագահին զգուշացրել եմ, որ չեմ կարողանայ մասնակցել մայիսի 9-ի միջոցառումներին՝ քարոզարշաւի պատճառով»,-ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ կառավարութեան անդամներու մեծ մասը մայիս 8-ին արձակուրդի մէջ պիտի ըլլան՝ ընտրական քարոզարշաւին մասնակցելու նպատակով։
Մայիս 8-ին պիտի մեկնարկի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը։ Հերթական ԱԺ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիս 7-ին։
2019-էն ի վեր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տարբեր պատճառներով քանի մը տարի չէ մասնակցած Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ Յաղթանակի օրուան նուիրուած շքերթներուն։
2019-ին Փաշինեան չէ գացած Մոսկուա, քանի որ այդ տարի Մոսկուայէն հրաւէրներ չէին ուղարկուած օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներուն: Քրեմլի պարզաբանմամբ՝ քանի որ տարեդարձը յոբելեանական չէր (74-ամեակ), արարողակարգը չէր նախատեսեր բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութիւն: Բացի այդ, Փաշինեանն այդ տարի մայիս 9-ին Արցախի մէջ կը մասնակցէր Շուշիի ազատագրման տօնին։
2020-ին հակառակ որ Փաշինյան ստացած էր հրաւէրը, սակայն այցը չէղարկուած էր COVID-19 համավարակի պատճառով։
2021-ին վարչապետը մայիս 9-ին չէ մեկնած Մոսկուա՝ պայմանաւորուած Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով:
2022-ին եւս վարչապետ Փաշինեանը չէ մասնակցած Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ Յաղթանակի օրուան նուիրուած շքերթին, քանի որ Քրեմլէն հրաւէր չէ եղած։ Յաղթանակի 77-րդ տարեդարձին եւս օտարերկրեայ առաջնորդներ չեն հրաւիրուած, քանի որ այն «կլոր» ամեակ չէր:
2024-ին Նիկոլ Փաշինեանը մայիս 8-ին Մոսկուայի մէջ մասնակցած է ԵԱՏՄ յոբելեանական գագաթնաժողովին, սակայն չէ մասնակցած յաջորդ օրուան շքերթին: Ան պարզաբանած է, որ նախորդ տարի (2023-ին) մասնակցած է եւ նպատակայարմար չի համարեր ամէն տարի ներկայ գտնուիլ նոյն միջոցառման: