Չորեքշաբթի 29 Ապրիլին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Եսայի Քահանայ Պետրոսեանի եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեանի, այցելեց Ֆրեզնոյի California Armenian Home տարեցներու կացարան։ Եզակի հայկական այս կացարանը կը ծառայէ հայ տարեցներուն՝ անոնց երաշխաւորելով ամբողջական խնամք եւ հոգատարութիւն, հայկական հոգեւոր ու մշակութային միջավայր մէջ։
Իր այցելութեան ընթացիքն Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ խնամակալ մարմնի անդամներուն հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց անձնուէր ծառայութիւնը եւ նուիրումը հաստատութեան առաքելութեան նկատմամբ, որ մեծապէս կը նպաստէ մեր տարեց հայրերու եւ մայրերու արժանապատիւ եւ խաղաղ կեանքին։ Ապա Սրբազանն ու պատուիրակութիւնը, խնամակալ մարմնի ուղեկցութեամբ, շրջայց կատարեցին հաստատութեան տարբեր բաժինները, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացան բնակիչներուն կողմէ։ Տարեց հայրերն ու մայրերը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Սրբազանը՝ ստեղծելով սիրալիր եւ ընտանեկան մթնոլորտ։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ տնօրհնէքի արարողութիւն, ուր բարձրացուեցան աղօթքներ հաստատութեան անսասանութեան, բնակիչներուն առողջութեան եւ սպասաւորող անձնակազմին զօրացման համար։ Իր քաջալերական խօսքին մէջ Սրբազանը շեշտեց, որ տարեցները մեր ժողովուրդի կենդանի ժառանգութիւնն ու իմաստութեան աղբիւրն են, եւ կոչ ուղղեց շարունակելու զանոնք պատուով, սիրով եւ հոգատարութեամբ շրջապատել։ Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ՝ վերածուելով հոգեւոր մխիթարութեան եւ փոխադարձ քաջալերանքի գեղեցիկ առիթի, որ դարձաւ յիշարժան պահ մը բոլոր ներկաներուն համար։


Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 4, 2026