Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան հեռախօսազրոյց ունեցած են:
Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Ուքրանիոյ նախագահը:
«Խօսեցայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի հետ։ Ես շնորհակալ եմ անոր՝ ուքրանացիներուն եւ Ուքրանիոյ ուղղուած շնորհաւորանքներուն համար՝ Եւրոպայի օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ այն աջակցութեան համար, զոր Եւրոպան ցուցաբերած է Ուքրանիոյ մեր պաշտպանութեան ժամանակ՝ լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին ։
Մենք Անթոնիոյի հետ քննարկեցինք Ուքրանիոյ հետագայ եւրոպական համարկման ուղղութեամբ մեր համատեղ աշխատանքը։ Ուքրանիա պիտի զբաղցնէ իր տեղը որպէս Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ»,- գրած է Զելենսքին։