image

Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1.5 միլիոն հայերու յիշատակին, որոնք uպանուած են Հայոց ցեղաuպանnւթեան ժամանակ․ Քիմ Քարտաշեան

Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1.5 միլիոն հայերու յիշատակին, որոնք uպանուած են Հայոց ցեղաuպանnւթեան ժամանակ․ Քիմ Քարտաշեան

Քիմ Քարտաշեան իր Instagram-ի ալիքին վրայ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։

«Այսօր ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1.5 միլիոն հայերու յիշատակին, որոնք սպաննուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։

Հայ ըլլալը մեծապէս ազդած է իմ աշխարհընկալման վրայ։ Անիկա իմ էութեան եւ դաստիարակութեան մէկ մասն է։ Ընտանիքիս հետ Հայաստան այցելելը կեանքիս ամենաազդեցիկ փորձառութիւններէն մէկն էր եւ խորացուց իմ կապը արմատներուս հետ այնպէս, ինչպէս ես ամէն օր զայն կը կրեմ ինծի հետ։

Ես այսօր կ՚աղօթեմ հայ համայնքին եւ աշխարհի բոլոր տառապողներուն համար, որ անոնց կեանքը պաշտպանուած ըլլայ, անոնց ձայնը լսելի ըլլայ, եւ անոնց ցաւը չանտեսուի»։