Իսրայէլի շարունակական յարձակումները կը խաթարեն հրադադարի ամրապնդման ջանքերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի նախագահական գրասենեակը՝ վկայակոչելով նախագահ Ժոզեֆ Աունը։
Նախագահը խորին ցաւակցութիւն եւ ափսոսանք յայտնած է Լիբանանի տարածքին մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումներու հետեւանքով քաղաքացիական պաշտպանութեան երկու անդամներու զոհուելու առիթով՝ հակառակ յայտարարուած հրադադարին։
Ան դատապարտած է մարդասիրական ոլորտի աշխատակիցներու թիրախաւորումը՝ զայն համարելով միջազգային իրաւունքի եւ բոլոր մարդասիրական սկզբունքներու կոպիտ խախտում։
Նախագահ Աուն նաեւ հաստատած է, որ պատրաստ է համագործակցելու համապատասխան միջազգային կողմերու հետ՝ կրկնուող խախտումները դադրեցնելու եւ Լիբանանի գրաւուած տարածքներէն Իսրայէլի ամբողջական դուրսբերումը ապահովելու համար։
«Նախագահ Աուն ընդգծած է իր վճռականութիւնը՝ շարունակելու դիւանագիտական շփումներն ու նախաձեռնութիւնները եղբայրական, բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան հետ՝ Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ լիբանանի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու նպատակով», - նշուած է նախագահական գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։