Իսրայէլի իշխանութիւնները մտահոգուած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ համաձայնագիր կնքել Իրանի հետ՝ առանց լուծելու քանի մը առանցքային հարցեր, որոնք յանգեցուցած են հակամարտութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ CNN հեռուստակայանը՝ վկայակոչելով իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
«Կան իրական մտահոգութիւններ, որ Թրամփ վատ գործարք պիտի կնքէ», - ըսած է հեռուստակայանի զրուցակիցներէն մէկը։
Աղբիւրները նշած են, որ այն համաձայնագիրը, որով մասամբ պիտի պահպանուի Թեհրանի միջուկային ծրագիրը, պիտի չանդրադառնայ պալիսթիք հրթիռներու եւ տարածաշրջանային դաշնակիցներուն աջակցութեան հարցերուն եւ պիտի յանգեցնէ անոր, որ Իսրայէլ Իրանի հետ հակամարտութիւնը դիտարկէ որպէս անաւարտ։
«Իսրայէլ, առաջուան պէս, կը գտնուի բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ՝ բանակցութիւններու ձախողման պարագային», - CNN-ին ըսած է իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեան։
Անոր համաձայն՝ լարուածութեան սրացումը իրատեսական սենար է, «եթէ իրանցիները շարունակեն խաղալ եւ ձգձգել բանակցութիւնները»։
Օրեր առաջ CNN հեռուստակայանը, վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրներ, հաղորդած էր, որ Թրամփ աւելի ու աւելի կը յուսախաբուի Իրանի վարած բանակցութիւններէն, եւ վերջին օրերուն աւելի լրջօրէն կը քննարկէ Թեհրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերասկսման կարելիութիւնը։