Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւերու ուղեկցման գործողութիւնը դադրեցնելու մասին յայտարարութենէն առաջ, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Սպիտակ տան մէջ տուած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի դէմ Փետրուար 28-ին մեկնարկած «Դիւցազներգական ցասում» գրոծողութիւնը («Operation Epic Fury») աւարտած է։ Ճեպազրոյցի սղագրութիւնը տարածած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
««Epic Fury» գործողութիւնը աւարտած է։ Նախագահը Քոնկրեսը տեղեկացուցած է, որ գործողութեան այդ փուլը աւարտած է»,- ըսած է Ռուպիոն։
Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, Ռուպիոյի համաձայն՝ հարցը միայն ուրանին հարստացումը չէ, այլ նաեւ 2025 թուականի Յունիսին ամերիկեան հարուածներէն ետք գետնի տակ թաղուած միջուկային նիւթի հետագայ ճակատագիրը, որ առանցքային կէտ է ԱՄՆ-ի համար։
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն կը նախընտրէ «խաղաղութեան ուղին»։
«Նախագահը կը նախընտրէր համաձայնութեան գալ։ Ան կը նախընտրէր նստիլ, մշակել փոխըմբռնման յուշագիր՝ հետագայ բանակցութիւններուն վերաբերեալ, որոնք պիտի հասցէագրէին բոլոր կարեւոր թեմաները, ներառեալ նեղուցին լիարժէք բացումը,- ըսած է ան։- Սա այն ուղին է, զոր ան կը նախընտրէ։ Մինչ այժմ սա այն ուղին չէ, զոր Իրան ընտրած է»։
Ինչ կը վերաբերի Հորմուզի նեղուցով նաւերու ուղեկցման «Ազատութիւն նախագիծ» գործողութեան, զոր ԱՄՆ արդէն դադրեցուցած է, Ռուպիոն նշած է, որ ան պաշտպանական բնոյթ ունի։ Ան յայտնած է, որ 87 երկիրներու 23,000 քաղաքացիական անձեր արգելափակուած են նեղուցին մէջ գտնուող նաւերուն վրայ. անոնք կը գտնուին շատ ծանր վիճակի մէջ, մեկուսացած են եւ ունին սնունդի ու ջուրի պակաս։ Ռուպիոյի համաձայն՝ առնուազն 10 նաւաստիներ մահացած են այս իրավիճակին պատճառով։