image

Պաքուի մէջ. Իրանի դեսպանը Արտաքին Գործոց նախարարութիւն կանչուած է

Պաքուի մէջ. Իրանի դեսպանը Արտաքին Գործոց նախարարութիւն կանչուած է

Պաքուի մէջ Իրանի դեսպան Սայիտ Ապաս Մուսաւին այսօր կանչուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Հանդիպման խստօրէն դատապարտուած է Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ այսօր տեղի ունեցած զինուած յարձակումը, յայտարարուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու վրայ նման յարձակումներու անթոյլատրելիութեան մասին, նշուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան եւ անոր աշխատակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու Իրանի պարտաւորութիւնը՝ Վիեննայի համաձայնագրին համապատասխան։ Հանդիպման ընթացքին պահանջ հնչեցուած է հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ պատասխանատւութեան ենթարկել ահաբեկչական գործողութիւն կատարած անձը, իրականացնել մանրակրկիտ հետաքննութիւն, բացայայտել եւ պատժել յանցագործութեան կազմակերպման ու կատարման մասնակից միւս անձերը: Հանդիպման ընդգծուած է նաեւ, որ վերջին շրջանին Իրանի մէջ համակարգուած հակաատրպէյճանական արշաւ կ'իրականացուի, որն ալ աւելի կը սրէ առանց այդ ալ բարդ յարաբերութիւնները:

Մուսաւին՝ խստօրէն դատապարտելով զինուած միջադէպը, խոր ափսոսանք յայտնած է տեղի ունեցածի կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ խոր ցաւակցութիւն յայտնած դեսպանատան զոհուած աշխատակցի ընտանիքին, Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին: Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ Իրանի համապատասխան մարմինները անմիջապէս արձագանգած են միջադէպին, ներկայիս իրաւապահ մարմինները կը հետաքննեն այն, մանրամասն տեղեկատւութիւնը պիտի հրապարակուի հետաքննութեան աւարտէն ետք»,-հաղորդագրութիւնը մէջբերած են լրատուամիջոցները։