Ապա Տ. Արմաշ Սրբ. Հայրը եւ Դեսպան՝ տիկին Ժէսսիքա Սուարտսթրօմին քննարկեցին եւ մտքեր փոխանակեցին իրավիճակի եւ մարտահրաւէրներու առնչութեամբ ի նկատի ունենալով Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներուն վերացումը եւ այս ուղղութեամբ Եւրոպական երկիրներուն եւ Շուէտիոյ կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը:
Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդարանէն վերահասու կը դառնանք՝
Ապա Տ. Արմաշ Սրբ. Հայրը եւ Դեսպան՝ տիկին Ժէսսիքա Սուարտսթրօմին քննարկեցին եւ մտքեր փոխանակեցին իրավիճակի եւ մարտահրաւէրներու առնչութեամբ ի նկատի ունենալով Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներուն վերացումը եւ այս ուղղութեամբ Եւրոպական երկիրներուն եւ Շուէտիոյ կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը:
Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2026-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Սուրիոյ մէջ Շուէտի նորանշանակ Դեսպան՝ տիկին Ժէսսիքա Սուարտսթրօմին:
Ազնուափայլ Դեսպանը արդէն բազմիցս անգամ ըլլալով այցելած էր Ազգ. Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցած Սրբազան Հօր հետ: Արդէն իսկ մտերմութիւն ձեւաւորուած ըլլալով, հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը նախ շնորհաւորեց տիկին Սուարտսթրօմը՝ պաշտօնապէս Սուրիոյ մէջ դեսպան նշանակուելուն առթիւ:
Դեսպան տիկին Սուարտսթրօմին կ'ընկերանար Սուրիոյ մէջ Շուէտի դեսպանութեան քարտուղարուհի՝ տիկին Լիլիթ Մարտանեանը: Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց հայազգի տիկին Մարտանեանի Դմասկոսի մէջ նշանակումը, մաղթելով բարի եւ արդիւնաւէտ աշխատանք:
Ապա Տ. Արմաշ Սրբ. Հայրը եւ Դեսպան՝ տիկին Ժէսսիքա Սուարտսթրօմին քննարկեցին եւ մտքեր փոխանակեցին իրավիճակի եւ մարտահրաւէրներու առնչութեամբ ի նկատի ունենալով Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներուն վերացումը եւ այս ուղղութեամբ Եւրոպական երկիրներուն եւ Շուէտիոյ կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 31 Օգոստոս 2026