Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար, իշխան Ֆէյսալ պըն Ֆարհան ալ-Սէուտը։ Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Կողմերը շարունակած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած քննարկումները՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան, ներառեալ Իրանի, Կազայի, Լիբանանի, Սուտանի եւ տարածաշրջանային այլ հարցերու շուրջ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերեալ։
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ X հարթակին վրայ կատարած գրառմամբ անդրադարձած է երկկողմ հանդիպման։
«Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է ծովային անվտանգութեան եւ նաւագնացութեան ազատութեան ապահովման կարեւորութիւնը, յատկապէս Հորմուզի եւ Պապ ալ-Մանտեպի նեղուցներուն մէջ՝ տարածաշրջանային կայունութեան նպաստելու, ինչպէս նաեւ համաշխարհային առեւտուրի եւ մատակարարման շղթաներու անխափան ընթացքը ապահովելու նպատակով»,– նշուած է գրառման մէջ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կողմերը վերահաստատած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համակարգման եւ խորհրդակցութիւններու շարունակականութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ճգնաժամերու լուծման եւ անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան առաջմղման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերուն աջակցելու կարեւորութիւնը։