image

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի վերափոխէ Հարաւային Կովկասը. Պայտըն

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի վերափոխէ Հարաւային Կովկասը. Պայտըն

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս պիտի փոխէ Ատրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ։

Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն` Պաքուի ուժանիւթի շաբթուան մասնակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ։

«Երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջ պիտի դնէ բազմամեայ հակամարտութեան, պիտի վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս պիտի փոխէ Ատրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ։ ԱՄՆ–ը պատրաստ է աջակցելու այդ ձգտման։ Մենք պարտաւոր ենք ապագայ սերունդներուն ապահովել, որ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը մնան մեր առաջնորդող սկզբունքները»,–ըսուած է ԱՄՆ նախագահի ուղերձին մէջ, որ ընթերցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան ուժանիւթի միջոցներու բիւրոյի աւագ խորհրդական Հարի Քեմիան։

Նշենք, որ յունիս 4-6-ին Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կը կայանայ Պաքուի ուժանիւթի շաբաթը։