Պաքուն նոր պահանջներ ներկայացուցած է Հայաստանին։
Այս անգամ խօսքը անցած տարիներուն Արցախ ներմուծուած ապրանքներու մաքսատուրքերու փոխհատուցման մասին է։ Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Նշեմ եւս մէկ փաստ, որ 30 տարուան ընթացքին Հայաստանը խախտած է Ատրպէյճանի մաքսային ռեժիմը, մաքսատուրքեր կիրառած իր կողմէ ներմուծուող ապրանքներու վրայ, որով հսկայական միջոցներ վաստակած է եւ մեծ վնաս հասցուցած Ատրպէյճանի պիւտճէին՝ ապահովելով այդ ապրանքներու ներկրումը ատրպէյճանական տարածք։ Այդ նոյնպէս պէտք է առանձին դիտարկել։ Սա փոխհատուցման այլ թեմայ է, որ հայկական կողմը պէտք է վճարէ Ատրպէյճանին։ Կը կարծենք, որ այդ հարց է, որ նոյնպէս կը լուծուի առանձին իրաւական հարթութիւններու վրայ»,-ըսած է ան։
Պաքու յայտարարած է, թէ Լաչինի միջանցքի՝ յառաջիկայ օրերուն «բանալու կարելիութեան մասին»՝ շեշտելով, որ «այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ իրենց երկրի օրէնքներու պահպանման եւ սահմանապահ վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ մաքսային դրութեան կանոններու պահպանման պայմաններով»:
Աւելին, ատրպէյճանական կողմը Լաչինի միջանցքի բացումը անգամ մը եւս կապած է Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու բացման հետ. Հաճիեւ յայտնեց է, որ «Լաչինի միջանցքին բացումը կրնայ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն բացման գործընթացի բաղադրիչ ըլլալ»: