image

Պաքու կը շարունակէ դատել հայ ռազմագերիները

Պաքու կը շարունակէ  դատել  հայ  ռազմագերիները

Մարտ 5-ին Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ քրէական գործի ծիրէն ներս կայացած է դատավճիռ Հայաստանի քաղաքացիներ՝ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի նկատմամբ, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Սարգսեան դատապարտուած է 19, իսկ Ռաֆայէլեան՝ 18 տարուայ ազատազրկման։ Հայ ռազմագերիները 9 տարի իրենց պատիժը պիտի կրեն բանտը, իսկ մնացած ժամկէտը՝ խիստ ռեժիմի գաղութը։

Պաքուն շինծու գործի ծիրէն ներս մեղադրած է զանոնք «2021 թուականի Մայիսին Ատրպէյճանի սահմանի ապօրինի հատման, ինչպէս նաեւ Քարվաճառի (Քելբաջարի) շրջանով անցնող Ատրպէյճանի ՊՆ ստորաբաժանումներու մատակարարման ուղիներու ականապատման մէջ։