100 Տարուայ աւանդ ունեցող Երուսաղէմի Պալեաններու կերտած յախճապակիներու արուեստին մասին բազում անգամներ անդրադարձած ենք։
Երուսաղէմի, կամ թէ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու ու նաեւ Հայաստանի մէջ Պալեան ընտանիքի շառաւիղներուն ձեռամբ կերտուած գործերը ունին իրենց բարձր արժէքը ու սովորական արուեստի գործ ըլլալէ անդին մեր հետ կը կիսեն մէկ դարու պատմութեան մը երանգները։
Ի դէպ այս օրերուն Երեւան գտնուող Պալեան ընտանիքի երէց անդամ Նշան Պալեանը ուշագրաւ գրառումով մը իր սրտի խօսքը փոխանցած է Հայաստանի Անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ։
Պալեանն մասնաւորապէս գրած է ՝«Շնորհաւոր 30-ամեակդ Հայաստան։ Մինչ Երուսաղէմի Պալեան ընտանիքի կը նշէ իր յախճապակիներու մեծ աշխարհի հիմնումի 100-ամեակը, մեր երիտասարդ երկիրը կը պատրաստուի նոր եւ շնորհափայլ օրերու։
Այս առթիւ ալ պիտի ուզէի իմ հարազատներուս եւ ընկերներուս հետ կիսուիլ Նշան աւագ Պալեանի եւ Մկրտիչ Գարագաշեանի ձեռամբ կերտուած եւ Հայոց Զինանշանը պարփակող յախճապակեայ բացառիկ ափսէին լուսանկարը։ Այն պատրաստուած է 1930 թուականին ու անոր մէկ օրինակը կը պահուի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ»։