Միշտ այդ հարցումը եղած է.ուրկէ՞ մտնել այս քաղաքին մէջ։ Մակերսային տեղանք մը, կամ «կուկըլ»ի կողմէ ցոյց տրուելիք տարածութիւն մը չէ Պոլիսը միայն։ Այո հոս եւս (քանի հիմա նստած Պոլսէն է, որ կը գրեմ) բոլոր ցանցային համակարգերը կը գործեն, բայց այն աւելին է։ «Աւելին է» բառը եւս ճիշդ գնահատական մը տալու համար բաւարար ուժը չունի, որովհետեւ կը խօսինք առնուազն 5-6 հարիւր տարուայ պատմութեան մը մասին, որ ինքնին ժառանգութեան մը պատմականութեան շաւիղն է։
Մեր հաւաքական կեանքին մէջ տարբեր առումներով յարգելի տեղ ու դիրք գրաւած մեծ թիւով մարդոց հետ խօսած եմ Պոլսոյ մասին։
Յաճախ այդ զրոյցը, շատ արագ վերջակէտի մը կը հասնի ու ամէն ինչ կը լռէ...։ Կը լռեմ ես, ու այդ լռութիւնը խորքին մէջ անոնց «Մեծ լռութեան» արդիւնքը կը դառնայ։
Քաղաքական մեծ խաղերու մասին քննարկումներ, նոր հատորի մը հրատարակում, Հայաստանեան ալիքի մը տրուած մասնագիտական հարցազրոյց, աւելին հանրայայտ գրողի մը 80-ամեակի առցանց նշում. դասախօսութիւն կամ ատենաբանութիւն՝ ֆրանսերէն լեզուով (եւ այդ շփացած լեզուին ծայրը՝ «հառաչանք»ի «ղ» մը, իբրեւ նշան եւ շինծու արտայայտութիւն՝ հարազատութեան ...) ու տակաւին գալիք տարուան կանխատեսումներ...։
Այս բոլորը կան անշուշտ ու սակայն այս բոլորին մէջ կը պակսի էականը՝ Պոլիս քաղաքը։
-Ես այստեղ եմ կը նշեն այս քաղաքի երեւցող դռները, որ մեր առջեւ կը բանան դէպի նորը տանող կենարար ճանապարհներ։
-Ես այստեղ եմ կ՚ըսեն, այս քաղաքի պարիսպները, որուն շուրջ ատենի մը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները միասին նստան ու գովքը հիւսեցին մեծ արեւելքի օթեակներուն...։
-«Մենք այստեղ ենք» կ՚ըսեն Պոլսոյ նուիրական անունները, կրօնաւոր, ծաղկող, գրչի դպիր եւ դպրապետ ...
-«Մենք այստեղ ենք» կ՚ըսեն դէպի «Ուսուցչաց հիմնարկ» հասնող սալաքարերը, որոնց վրայէն ահա տասը եւ աւելի տարիներէ ի վեր կը քալենք ձեռք-ձեռքի։
-«Մենք այստեղ ենք, ու դեռ կանգուն ենք..» կը պատգամեն այս քաղաքի եկեղեցիները, այդ եկեղեցիները «գրկող» հաւատացեալները, շէնքերը բարձրադիր- բարձրուղէշ ու այդ շէնքերն ու կառոյցները իրար միացնող ճանապարհները...։
Այս տարին բազում առումներով նոր վերադարձի մը տարի պիտի դառնայ, որովհետեւ բոլոր «դիպուածներ»ը զիս պիտի կապեն 2011 թուականի նոյեմբերին, երբ առաջին անգամ ըլլալով մտայ այս քաղաքի խորունկին մէջ ու մինչեւ հիմա ալ տակաւին հոն եմ...։ Եթէ անգամով մը հեռացայ, այդ երբեք պիտի չնշանակէ, որ ես մոռցայ, կամ մոռացութեան տուի անոր ապրումի կիրքը...։
Եթէ ես առիթով մը թերացայ, անտեսելու տուի, լեզուս «փոխեցի», խաթարեցի իմ անունս ու հագայ «մեղքի շապիկ»ը այդ երբեք պիտի չնշանակէ, որ օտարումս կամ մելամաղձոտ սպասումս վերածեցի անտեսումի։
Այս քաղաքը օրէն չէր եղած լքումի համար։ Չեմ գիտեր, ձեր նախահայրերուն մասին, բայց մերինները նախընտրեցին Եփրատը հատել ... հասնելու համար աւելի ապահով ափեր։ Մերոնք «քաղաքացի» մարդիկ չէին, իրենց քաղաքակրթութեան շաւիղը վաղուց արդէն գլած-անցած էր ու վերադարձած էին տեղ մը, որուն մէջ կը պակսէր «Նոր աշխարհ»ի մը ընկալումը...։ Չէին հասկցած, որ աշտանակը պէտք է դնեն բարձր տեղ մը, եւ դուրս նային նորացուած սենեակներու պատուհաններէն։
Չունեցան ատեն ու եռանդ ու այդպէս «տխուր պատահարներ»ը առին իրենցմէ հողն ու հողին վրայ եղածը եւ սուսիկ- բուսիկ հեռացան մօտիկ թուացող, բայց շատ աւելի հեռաւոր տեղ մը։
Հողէն վախցան հաւանաբար, անոր ընդերքներուն մէջ գոյացած արցունքներէն, որ ատեն-ատեն վերածուեցան ահեղ շարժումներու...։
Հիմա անոնց պատմութիւնը մէկ կողմ թողնենք, քանի ամէն անգամ, որ այդ «սեւ տետրակ»ները բանալու ելլենք, պիտի տատամսինք, պիտի յոգնինք, մեզմէ շատ-շատերուն լեզուն պիտի կապուի ու մեր նպատակը այդ հաւաքական ցաւը «տօնախմբել»ը չէ հիմա։ Ցաւը մեր մէջ է, մեր երակներուն, մեր «ներքին համակարգ»ին ու մեզի տրուած «ժառանգութեան» մէջ։ Ցաւը մեր յիշողութեան մութ սենեակներուն մէջ է, ուր քանի-քանի անգամներ ես ու իմ նման շատ մարդիկ փորձեցինք ներս մտնել լոյս մը վառելու համար։ Մեր մատները այրեցան այդ ցաւին պատմութիւնը պատմելու ատեն... ու մենք դարձանք նոյն ահագնացող լռութեան, որ կարծէք կամաց-կամաց մեզի համար «կը մեկնէր» «Նոր աշխարհ»ի պատմութեան երգը, շատ հաւանաբար մեր մէջ նստած ու ձեզ սպասիշ...։
Կը սպասէինք հանդիպման մը, որ տակաւին պիտի գայ, որ տակաւին պիտի աճի, որ տակաւին պիտի հոսի այս քաղաքի աղի ջուրերուն պէս...։
Չէինք ընկալած անշուշտ, որ մենք ու մեզմէ շատ շատեր ուզած ենք «կիսել» «Նոր աշխարհ»ի գաղափարները, առանց անգամ հասկնալու, որ այնտեղ ամէն ինչ կեղծ է ու շինծու։
Մեզմէ շատերուն համար, այդ քաղաքները անվերջօրէն պիտի զարգանային ու տարածուէին իրենց «հին պատմութիւն»էն դուրս, բայց իրականութիւնը այլ էր։
Իրականութիւնը միայն Իլոն Մասքի ժպիտը չէր, ամէն մեծ գործարքի աւարտին...։ Թրամփի «խաղաղսիրութիւն»ը չէր հարկաւ, ոչ ալ Կազայի սպանդներու զոհ դարձած նորածիններուն վերջին ճիչը։
«Մահն ալ փրկութիւն» է պիտի ըսէինք շատ առիթներու, իսկ խորքին մէջ ի՞նչ պիտի մտածէինք այն ընկերոջ մասին, որուն հետ մեր կիսած հացը մենք ուրացանք...։
Իրականութիւնը «Նոր աշխարհ»ը չէ. Այդ աշխարհը միայն թուացեալ եւ ուշացած նորոգումներու աշխարհ, որուն մասին յաճախ կ՚ակնարկէ հրեայ մեծ փիլիսոփան ՝ Հարարին, որ կը խօսի «նորացուած» օրկաններու մասին, նոր ձեռքի, նոր ոտքի, նոր առնանդամի, նոր մետաքսեայ մաշկի մասին...։ Ան հաւանաբար կ՚անտետսէ մեր այսօրուայ «իրականութիւն»ը եւ կը պատմէ իր երազած իրականութեան մասին։ Չի մոռնար դերաբաշխումներ կատարել, չի մոռնար կիրքին մասին ակնարկել, սակայն երբ հերթը հասնի մեր աչքին, ան կը լռէ ու կը տատամսի։
Կ՚անտեսէ այսօրուայ իրականութիւնը ու կը վստահեցնէ, որ վաղուան «Նոր աշխարհ»ը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան այսօրուայ տառապանքներու մէջէն անցնող մեր աշխարհը։
Ոմանք հացին կարօտով, ոմանք աղօթքի քաղցով, ոմանք ատելութեան բառով, իսկ ուրիշներ աւելի լաւ երազանք մը մտքապահ ընելու կարօտներով կը շարունակեն քալել մեր «իրական» թուացող աշխարհէն, որ սակայն տակաւին չէ հասած ու չէ տրուած մեզի։
Այդ «Նոր աշխարհ»ը, որուն աւազները կը սկսին Տուպայի տափաստաններէն, կ՚անցնին արաբական աշխարհի բոլոր «Սահարաներ»էն, պարուրող, բայց նոյնքան կիսատ, շինծու ու նաւթահոտով ծանրացած..։
Օր մը այդ աշխարհ պիտի հատնի, ու այն ատեն մանիշակագոյն երկինք մը պիտի կազմուի, ու մեր ձեռքերը, մեր ոտքերը, մեր սիրտերն ու երազները պիտի դառնան մէկ...։
Պիտի լռէ ստամոքսի կաղկանձը եւ մեր լեզուն պիտի դառնայ «ամեներէն»ը։
Այս «Նոր աշխարհ»ի կշիռքը եւ անոր ամբողջ գիլոն, շատ աւելի նուազ պիտի կշռէ, քան մեր տան դիմացի «Նորաշխարհ»ի ծառին պտուղը, պարզ անոր համար, որ կեղծ չէդ այդ միրգին մաշկը, ինչպէս որ կեղծ չէ Պոլիսը, կամ Իսթանպուլը, որուն օդասուն սենեակներէն լոյսի եւ աղօթքի ձայներ կը հասնին։
Երազը միշտ գերհզօր է...
Դռան ճաղերուն առջեւ երբ կանգնեցանք քանի մը բառ մեզի փսփսաց...։ Քանի մը խօսք ըսինք իրարու եւ անցանք այդ մեծղի սեւ դարպասներէն ներս։ Մեծ պատմութեան մը երազանքն էր կարծես, որ մեզի մինչեւ հիմա ալ կը հալածէ, մեր արմատներուն ջուր ու աւազ կը տանի, մեզ կը գրկէ, երբ առանձին ենք...։
Հիմա երբ Ունճեաններու մեծ մահարձանին առջեւ կանգնած եմ, ու յիշատակ մը յարգելու կիրքով աչքերս յարած ... ամբողջ պատմութեան մը, ամբողջութեան մը պատումին համար կը գրեմ այս տողերը։
Հին երազի նոր երանգները կամաց-կամաց կը մանեմ։ Ետ ու առաջ կ՚երթամ, չեմ խօսիր յանցանքներու եւ մեղքերու մասին, չեմ վիճիր այլեւս, չեմ բանակցիր ու չեմ ալ ուզեր յիշեցնել, թէ որն է ճիշդ ճամբան եւ որն է սխալ արահետը։
Տեղ մը պիտի յոգնիս խօսելէ, ու տեղ մը, ուր պէտք է բերանդ փակես ու խօսիս միայն լռութեան ձայնով...։
Այս մեծ տարածութեան մէջ, ուր ամէն ինչ «սառած պատմութիւն» է, օր մը դարձեալ յարութեան խորհուրդին պիտի հասնինք Ձեզի հետ։
Օր մը, հաւանաբար այդ օրը պիտի ընդունինք մեր մեղքերը, պիտի յօժարինք լուալ մեր ականջները անցեալի վէրքերէն ու կամաց-կամաց հանենք կեղեւները մեր ինքնութեան։
Ուրացումը մեզի համար չէր, ու նաեւ խաբկանքը «Նոր աշխարհ»ի մը հանդէպ մեր ունեցած սպասումներէն, դարձեալ մեզի համար չէր։
Մեզի վայել չէր ամբողջ ուրացումը եւ հեռացումը, որուն մէջն էինք արդէն, բնաւ մեզի համար չէր։
Մեզի վայել չէր, արտօնելի էր ու արտօնուած, քաջալերական էր ու շատերու կողմէ քաջալերուած, բայց մեզի վայել չէր։
Մենք հին երազի զինուորներն ենք, մեր օճախին, մեր հացին, մեր աղօթքին ու բառին։
Հիմա այդ եզերքներով պիտի կտրենք ջուրը ու կամաց-կամաց հասնինք այս ափը, որ «Նոր աշխարհ» մը չէ, բայց անիրական ալ չէ...։
Պոլիսը մեր ետին չէ, մեր անցեալը չէ միայն, մեր նոր ապրումի պահն է, մեր էութեան մասնիկը, մեզի տրուածը եւ մեզի համար միշտ գրկաբացը։
Այս Պոլիսը...
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս