image

«Թայմ» ամսագիրը  յայտարարած է «տարուայ մարդ»ուն անունը

«Թայմ» ամսագիրը  յայտարարած է «տարուայ մարդ»ուն անունը

«Թայմ» ամսագիրը աւանդաբար տարուայ վերջին օրերուն կը յայտարարէ «տարուայ մարդ»ուն անունը։ Գրաւի գրասենեակներ ճիշդ կանխատեսած էին։ «Տարուայ մարդ»ը ո՛չ թէ արհեստական բանականութիւնն է, այլ անոնք, որոնք ստեղծեցին արհեստական բանականութիւնը։

«Թայմ»ի շապիկին վրայ պատկերուած են Մարք Ցուկերպերկ, «Էյ Մի Տի»ի գլխաւոր տնօրէն Լիզա Սու, «Կրօք» նեյրօցանցի սեփականատէր Իլըն Մասք, «Նվիտիա»ի գլխաւոր տնօրէն Ճէնսըն Հուանկ, «Օփըն Էյ Այ»ի ղեկավար Սեմ Ալթմըն, «ՏիփՄայնտ»ի գլխաւոր տնօրէն Տեմիս Հասապիս, «Էնթրոփիք»ի ղեկավար Տարիօ Ամոտէի եւ «ԱյմէքՆէթ»ի հիմնադիր Ֆէյ-Ֆէյ Լի։

«Ֆայնանշըլ Թայմս»ը անոնցմէ միայն մէկը ընտրած էր որպէս «Տարուայ մարդ»։ Այդ պարբերականի կարծիքով «Նվիտիա»ի ղեկավար Հուանկն է «արհեստական բանականութեան» զարթօնքի մղիչ ոյժը, որ կրնայ փոխել համաշխարհային տնտեսութիւնը։

Յիշեցնենք որ «Նվիտիա»ն կ'արտադրէ «չիփ»եր եւ «փրոցէսէօր»ներ, ուստի ելմտական շրջանակներ նախապատուութիւնը կուտան «հարտ տիսք»երուն, այլ ո՛չ թէ «սոֆթ»ին։