image

Պաղտատի մէջ. Իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնեան Առաջնորդարան այցելած է

    Պաղտատի մէջ. Իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնեան  Առաջնորդարան այցելած է

Օրերս  Իրաքի Հայոց  Թեմի Առաջնորդարան  այցելած է երկրի խորհրդարանի փոխ-նախագահի առաջին տեղակալը, ուր ընդունուած է թեմակալ  առաջնորդին կողմէ։

Այս մասին կը կարդանք  Իրաքի Հայոց Թեմի  Առաջնորդարանի  դիմատետրեան  պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած  է՝

Չերեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Խորհրդարանի առաջին փոխ- նախագահի խորհրդատու՝ տիար Շամըլ Տէրուիշ Ալի Էլ-Ֆէյլի-ին,  Խորհրդարանի փոխ- նախագահի գրասենեակի տնօրէն՝ տիար Մուհամմէտ Էլ-Մուսաուի-ին եւ տիար Պէհնամ Հապիպ-ին, որոնք քաղաքավարութեան այցելութեամբ եկած էին  եպիսկոպոսացման առիթով շնորհաւորելու զինք:

Հանդիպման ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանը եւ ատենադպիր՝ պարոն Պերճ Թուֆէնկճեանը: