Օրերս Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան այցելած է երկրի խորհրդարանի փոխ-նախագահի առաջին տեղակալը, ուր ընդունուած է թեմակալ առաջնորդին կողմէ։
Այս մասին կը կարդանք Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Չերեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի Խորհրդարանի առաջին փոխ- նախագահի խորհրդատու՝ տիար Շամըլ Տէրուիշ Ալի Էլ-Ֆէյլի-ին, Խորհրդարանի փոխ- նախագահի գրասենեակի տնօրէն՝ տիար Մուհամմէտ Էլ-Մուսաուի-ին եւ տիար Պէհնամ Հապիպ-ին, որոնք քաղաքավարութեան այցելութեամբ եկած էին եպիսկոպոսացման առիթով շնորհաւորելու զինք:
Հանդիպման ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանը եւ ատենադպիր՝ պարոն Պերճ Թուֆէնկճեանը: