image

Պաղեստինցիք 7 հրթիռներ նետած են Իսրայէլի ուղղութեամբ

Պաղեստինցիք 7 հրթիռներ նետած են Իսրայէլի ուղղութեամբ

Կազայի հատուածէն այսօր վաղ առաւօտեան երկիր-օդ դասի հրթիռներ արձակուած են սահմանամերձ իսրայէլեան համայնքներու ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է The Times of Israel պարբերականը:

Ըստ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու՝ 7 հրթիռներէն 2-ը արձակուած են դէպի Միջերկրական ծով, իսկ մնացածը՝ Իսրայէլի ուղղութեամբ: Ըստ հաղորդագրութեան՝ հրթիռներու թիրախը, ամենայն հաւանականութեամբ, եղած են տարածքին մէջ գտնուող Իսրայէլի օդուժին պատկանող օդանաւերը:

Հրթիռներու արձակման պատճառով իսրայէլեան մի քանի համայնքներու մէջ տագնապի ազդանշաններ հնչած են, բնակիչներուն հրահանգած են պատսպարուիլ ապաստարաններու մէջ:

Վիրաւորներու կամ հասցուած վնասի մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:

The Times of Israel-ը յիշեցուցած է, որ ապրիլ 5-ի երեկոյեան Գազայէն 2 հրթիռ արձակուած էր, որոնցմէ մէկը չէր յաջողած հատել սահմանը, իսկ միւսն ինկած էր բաց տարածքի մէջ: Ատկէ կարճ ժամանակ անց նոր բախումներ սկսած էին Երուսաղէմի ալ-Աքսա մզկիթի մօտ: Կազայի մէջ եւ Իսրայէլի արաբական համայնքներու մէջ խռովութիւններ սկսած են:

Ապրիլ 4-ի երեկոյեան եւս ալ-Աքսա մզկիթի մէջ բախումներ տեղի ունեցած են: Խումբ մը պաղեստինցիներ ամրացած էին ալ-Աքսա մզկիթին մէջ: Ոստիկանութիւնը մտած էր մզկիթ եւ լուսաձայնային նռնակներով փորձած հանել անոնց այնտեղէն: Շուրջ 350 մարդ ձերբակալուած էր: Այս բախումներուն յաջորդած էին հրթիռակոծութիւններ երկու կողմերէն: