image

Իրան պատրաստ է համագործակցութեան

Իրան պատրաստ է համագործակցութեան

Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են դրացի պետութիւններու հետ փոխգործակցութեան բոլոր տեսակներուն՝ յանուն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։

«Իրանը պատրաստ է տնտեսական, քաղաքական եւ անվտանգութեան ոլորտներու մէջ իսլամական երկիրներու եւ դրացի պետութիւններուն հետ որեւէ համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեան», նշած է Փեզեշքիանը Թեհրանի մէջ Փաքիստանի բանակի գլխաւոր հրամանատար Ասիմ Մունիրի հետ հանդիպման ժամանակ։

Իրանի նախագահի խօսքով՝ իսլամական երկիրներու հետ փոխգործակցութեան ամրապնդումը տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման հիմնարար պահանջ է։

Փեզեշքիան աւելցուցած է, որ միասնութիւնն ու համախմբուածութիւնը թշնամիներու կողմէ իրականացուող դաւադրութիւններուն դէմ ամենակարեւոր զսպող գործօններն են։

Փաքիստանի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարին հետ զրոյցի ընթացքին Փեզեշքիան նշած է, որ, իր համոզմամբ, ԱՄՆ-ը պէտք է փոխէ իր հռետորաբանութիւնն ու մօտեցումը Իրանի հետ փոխգործակցութեան հարցով։

 

Իրանի նախագահը պարզաբանած է, որ ուժի վրայ հիմնուիլն ու ահաբեկումը միայն պիտի բարդացնեն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրի իրականացման գործընթացը։