Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն բարձր գնահատած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմատ պըն Սըլմանի այցը Ֆրանսա։ Այս մասին ան գրած է X-ի էջին վրայ։
Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմատ պըն Սըլման Ֆրանսա կը գտնուի երկօրեայ այցով։ Մաքրոն զինք հիւրընկալած է Esports World Cup-ի խաղարկութեան շրջածիրէն ներս։
Օգոստոս 24-ին նախատեսուած է առողջապահութեան, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ շարք մը համաձայնագիրներու ստորագրումը, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Իրանի վերաբերեալ։
«Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմատ պըն Սըլմանի այցը Ֆրանսա կարեւոր հանգրուան մըն է։
Տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն դիմաց Ֆրանսան եւ Սէուտական Արաբիան միշտ միասին աշխատած են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը խթանելու համար, եւ անոնք պիտի շարունակեն իրենց խորհրդակցութիւնները այս հարցին շուրջ։
Մեր գործընկերութիւնը նաեւ գործողութիւններու միջոցով կը կառուցուի՝ խոշոր նախագիծեր, առաջատար արհեստագիտութիւններ, ներդրումներ եւ միջազգային ձեռնարկներ, ինչպիսին է Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական տնտեսական համաժողովը»,- գրած է Մաքրոն X-ի իր էջին։