image

Փաշինեան - Էրտողան հեռախօսային կապ եւ քննարկում

Փաշինեան - Էրտողան հեռախօսային կապ եւ քննարկում

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի հանրային կապերու վարչութիւնը։

Նշուած է, որ ՀՀ վարչապետ Ն․ Փաշինեանը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը անցած «Քուրպան Պայրամ»ի կապակցութեամբ։

Քննարկուած են նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ տարածաշրջանային հարցերը։

Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի ուղիղ առեւտուրի մեկնարկին ուղղուած քայլերով։ Էրտողանն ընդգծած է, որ Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար, եւ որ Թուրքիան միշտ պիտի աջակցի այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ ալ նշուած է, որ Փաշինեանն ու Էրտողանը հեռախօսազրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի հարցերու վերաբերեալ եւ գոհունակութիւն յայտնած շփումներու աշխուժացման առիթով։

Նախագահ Էրտողանը, իր հերթին, վարչապետ Փաշինեանը շնորհաւորած է ծննդեան 51–րդ տարեդարձի առիթով։

Զրոյցի ընթացքին նաեւ ընդգծուած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտետ Եըլմազի այցը Հայաստան՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով, Թուրքիա–Հայաստան ուղիղ առեւտուրի ընթացակարգերը սահմանելու որոշումը եւ Ախալքալաք–Կարս երկաթուղիի բացումը՝ Հայաստանէն արտահանումներ եւ Հայաստան ներմուծումներ իրականացնելու համար։