Ազգային Ժողովի յանձնաժողովներու նիստին՝ 2025 թուականի պիւտճէի տարեկան հաշուետւութեան քննարկման մեկնարկին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է, որ 2025-ին բաւական լայն թափով սկսած է Ղարաբաղէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու բնակաւորման ծրագիրը:
«Պիտի ասեմ, որ մօտ 40 հազար Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներ արդէն ստացել են ՀՀ քաղաքացիութիւն, եւ մենք շուրջ 50 միլիառ դրամի՝ բնակարանի ապահովման գծով յատկացումներ ենք իրականացրել, եւ արդէն մի քանի հազար ընտանիքներ ձեռք են բերել բնակարաններ եւ բնակաւորուել են, նաեւ առաջիկայ 10 տարում պլանաւորում ենք շուրջ 800 միլիառ դրամ յատկացում անենք, որպէսզի արմատապէս այդ խնդիրը լուծենք»,-ըսած է վարչապետը: