Երկար տարիներ, եւ յատկապէս Հալէպը «պաշարած» արիւնալի օրերուն ընթացքին «Կրթասիրաց» վարժարանը կանգուն պահելէ ետք, հալէպահայ նուիրեալ կրթական մշակ՝ Անդրանիկ Պօղոս օրերս իր հրաժարականը ներկայացուցած է այդ պաշտօնէն։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ մեր հայրենակիցի կատարած (արաբերէն լեզուով) գրառումէն։
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք այդ գրառումը, մեր հայրենակիցին մաղթելով երկար եւ առողջ օրեր։
Պօղոս կը գրէ՝
«Անհատական պատճառներով եւ անշուշտ ականջ տալով «Կրթասիրաց» վարժարանի պատասխանատու մարմնի խորհուրդին կը ներկայացնեմ հրաժարականս վարժարանի տնօրէնի պաշտօնէն։
Այս վարժարանին սիրով եւ հաւատքով նուիրեցի աւելի քան քառորդ դար։ Ամմբողջական ջանքով, հաւատարմութեամբ եւ անձնուիրութեամբ՝ ծառայելով ու օժանդակելով մեր զաւակներուն, մեր սրտի հատորներուն։ Ծնողներուն ակնկալութեան ի պատասխան, յաջողեցայ բարձրացնել մեր վարժարանի մակարդակը՝ հասցնելով զայն յարգարժան դիրքի մը մասնաւոր վարժարաններու շարքին։ Այդ ընթացքին միասին գործեցինք վարչական ու մանկավարժական անձնակազմին հետ, յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ։
Մեր վարժարանէն շրջանաւարտ եղած են աշակերտներ, որոնք ստանձնած են սիրելի հայրենիքին ծառայելու պատասխանատուութիւններ տարբեր բնագաւառներու մէջ, աշխարհի տարբեր կողմերուն։ Անոնք նաեւ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն պարգեւեցին ծնողներուն։
Մեր վարժարանին նկատմամբ վստահութիւն, գնահատանք եւ պատիւ յայտնած են բազմաթիւ պատասխանատուներ՝ տնօրէններ, նախարարներ, Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ՝ մեր մայր հայրենիքին մէջ։ Նոյնպէս ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան աշխարհիկ, թէ կրօնական բազում գործիչներ։ Այս բոլորը դարձուցին զիս hպարտ եւ բարձրացուցին իմ ճակատս համայնքին մէջ։
Վերջապէս կը մաղթեմ եւ աղօթքով կը հայցեմ Ամենակարող Աստծոյ, որ պահպանէ բոլորիս համար սիրելի մեր «Կրթասիրաց», շարունակելու իր ազգանուէր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը ի պատիւ հայ ազգիս եւ ի պարծանք սուրիական մեր հայրենիքին։
Շնորհակալութիւն՝ բոլորին»։