image

Նորընտիր Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին առաջին Պատարագը՝ Հռոմի մէջ

Նորընտիր Կաթողիկէ Հայոց  Պատրիարքին առաջին Պատարագը՝ Հռոմի մէջ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը քարոզին մէջ յիշեց անկախութեան 30 ամեակը յիշատակելով նաեւ քառասունչորսօրեայ Արցախեան պատերազմին նահատակները. «Բազմահազար մատղաշ երիտասարդներ, որոնք իրենց արիւնով պաշտպանեցին մեր հայ ինքնութիւնն եւ պատուաբեր կեանք ապրելու իրաւունքը` ազատ հայրենիքի մէջ»:

Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Լեւոնեան Ք. Վարժարանէն ներս, ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. մատուցեց Գոհաբանական եւ ՀՀ անկախութեան 30 ամեակին նուիրուած Սուրբ Պատարագ առընթերակայութեամբ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Ս. Միքայէլ դպրեվանքի տեսուչ Գեր. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի, եւ Ուքրանիոյ հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գեր. Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի։

Սրբազան Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Կարէն Նազարեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան մեծաւոր մայր Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանն ու միաբանակից քոյրեր, Հայ Կաթողիկէ կղերական դասի անդամներ, Հռոմի մէջ ապրող Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան կղերին անդամներ, Հռռմաբնակ հայ հաւատացեալներ եւ իտալացի բարեկամներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ «այսօրուան գոհաբանական Ս. Պատարագը կը նուիրէ Աստուծոյ, որպէս երախտագիտութիւն այս նոր պարտականութեան համար»։ Ան ապա երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ իր Եղբայրակից եպիսկոպոսներուն` «որոնք, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, ինծի յանձնելով այս պարտականութիւնը, մնացին ինծի հետ միացած, այս ծանր բեռը տանելու եւ զայն բարձրացնելու առ Աստուած, որ կ'ըսէ. «առէք իմ լուծս զի քաղցր է եւ թեթեւ»:

Հայաստանի Անկախութեան 30-ամեակը եւ Արցախեան պատերազմի նահատակները։

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօրուայ գոհաբանական Ս. Պատարագս կը զուգադիպի Նաեւ մեր երկրի երեսունամեայ վերածնուած անկախութեան տարեդարձին, հետեւաբար երախտագիտութիւնս եւ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, խնդրելով որ իր ողորմութեան հովանիին տակ պահէ մեզ բոլորս եւ մեր հայրենիքը, շարունակելու համար այն առաքելութիւնը, որ մեզի փոխանցուած է դարերէ ի վեր` այն է վկայութիւն տալ Անոր Ս. Անունին» ըսաւ ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարքը նշելով, որ «կարելի չէ յիշատակել մեր անկախութիւնը առանց չյիշելու մեր նահատակները», մանաւանդ 44օրեայ Արցախեան պատերազմին նահատակները, «բազմահազար մատղաշ երիտասարդներ որոնք իրենց արիւնով պաշտպանեցին մեր հայ ինքնութիւնն եւ պատուաբեր կեանք ապրելու իրաւունքը, ազատ հայրենիքի մէջ»:

«Աստուած անոնց բիւրեղ հոգիները ընդունի իր Արքայութեան մէջ» ըսաւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը որ խօսքին աւարտին խրախուսեց հաւատարիմ մնալ հայ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս առաջնորդելու առաքելութեան։

Ս. Զոհի աւարտին, նորընտիր պատրիարքը ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունեցաւ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ կարկանդակի հատում։