image

Նիւ Եորքի մէջ. «Շամլեան վարժարան»ի խումբ մը սաներ այցելած են ծխատէր քահանային (Լուսանկար)

Նիւ Եորքի մէջ. «Շամլեան վարժարան»ի խումբ մը սաներ այցելած են ծխատէր քահանային (Լուսանկար)

Օրերս Նիւ Եորքի Լոս Անճելըսի «Շամլեան վարժարան»ի խումբ մը սաներ այցելութիւն տուած են Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի եւ ընդունուած ծխատէր քահանայ հօր կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ համացանցէն։

Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած լրատւութիւնը՝

Կիրակի, 24 Մարտին, Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, դիմաւորեց «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» վարժարանի (Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա) 7-րդ դասարանի 46 աշակերտները, որոնք դասարանային իրենց առաջին շրջապտոյտը կը կատարէին Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Անոնց կ՚ընկերանային տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Գարկոտորեան, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։

Տէր Հայրը այցելուներուն ցոյց տուաւ Մայր Եկեղեցին, հրամցնելով պատմական շահեկան տեղեկութիւններ։ Այնուհետեւ, բոլորը միասնաբար աղօթեցին եւ հաղորդութիւն ստացան։ Աւարտին, աշակերտները հիւրասիրուեցան «Փաշալեան» սրահին մէջ։