image

«Ներքին Հանդ»ի գերավարուած գիւղացին կապ հաստատած է իր ընտանիքին հետ

«Ներքին Հանդ»ի  գերավարուած գիւղացին կապ հաստատած է իր ընտանիքին հետ

17 օր առաջ Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղի դիրքերէն սահմանը անցած ու գերեվարուած զինուոր Էտուարտ Մարտիրոսովը ծնողներուն նամակ ուղարկած է: 

«Ի՞նչ պիտի ասի, նորմալ ա, հացը կայ, ջուրը կայ, սպասէ՛ք` կը վերադառնամ, էդքան բան», ըսաւ զինուորի հայրը` Արթուր Մարտիրոսովը:

19-ամեայ զինուորին Պաքուի մէջ այցելած է ու ընտանիքին հետ նամակով կապ հաստատելու հնարաւորութիւն տուած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները: Տեսակցութիւններ դարձեալ պիտի ըլլան, ինչպէս միւս գերեվարուած անձերու պարագային է, կ'ըսէ կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:

«Կարեւոր է եւ առանցքում են այդ անձի հանդէպ վերաբերմունքը, անազատութեան մէջ պահման պայմանները, առողջական վիճակը, սակայն բովանդակային մասով, մանրամասներով չենք կարող կիսուել հանրութեան հետ», ըսաւ Ամատունին:

Ժամկէտային էտուարտ Մարտիրոսովը 3.5 ամսուայ ծառայող էր, առայժմ յայտնի չէ, թէ ինչ հանգամանքներով ան յայտնուած է Ատրպէյճանի մէջ: Ներքին Հանդի մարտական յենակէտը, ուրկէ շարքայինը անհետացած է, ատրպէյճանական դիրքերուն հարեւանութեամբ է:

Սթրասպուրկի դատարանը Ատրպէյճանին պարտաւորեցուցած է տեղեկութիւններ տալ զինուորին վերաբերեալ, կ'ըսէ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցչի մամլոյ քարտուղար Յասմիկ Սամուէլեանը:

«Դատարանը Մայիսի 9-ին որոշում է կայացրել` ծանուցում ուղարկել Ատրպէյճանին, տեղեկութիւն պահանջել` որտեղ է պահւում, ինչ պայմաններում, բժշկական փաստաթղթեր տրամադրել, եթէ այդպիսիք կան եւ ինչ ծրագրներ կան վերադարձի ուղղութեամբ»,  փոխանցեց Սամուէլեանը:

Ատրպէյճանը դատարանի հարցերուն պէտք է պատասխանէ մինչեւ Մայիս 17: