Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Տանըլտ Թրամփը կառուցողական երկխօսութիւն հաստատած են՝ հակառակ տարաձայնութիւններուն։
Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցին։
«Նախագահ Փութինը միշտ ալ ուրախ է հաղորդակցելու, անոնք իսկապէս կառուցողական երկխօսութիւն ունին, հակառակ որոշակի տարաձայնութիւններու, որոնք կրնան ըլլալ», - նշած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։