image

«Նայիրեան» համոյթի փայլուն ելոյթը՝ Նիւ Եորքի մէջ

   «Նայիրեան» համոյթի փայլուն ելոյթը՝ Նիւ Եորքի մէջ

Օրերս Նիւ Եորքի մէջ փայլուն ելոյթով մը հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւած է հայրենի «Նայիրեան» համոյթը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց համացանցէն եւ ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով լրատւութիւնը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

Կիրակի, 30 Ապրիլի յետմիջօրէին, Արեւելեան Թեմի կեդրոնական քաղաք Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցած է , Հայաստանէն ժամանած «Նայիրեան» երգի համոյթի ելոյթը։ Համյոյթը հանդէս եկած է հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերով: Տաղանդաւոր կանանց համոյթը կ՚երգէ «աքափէլլա», առանց նուագակցութեան։ Համահովանաւորութեամբ Պոսթընի «Ամարաս» Արուեստի միութեան , Մայր Տաճարին մէջ հնչած են Կոմիտաս Վարդապետի եւ Կոստանդին Պետրոսեանի ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ այլ գործեր։ 

 Ձեռնարկի յաջողութեան առընթեր առանցքային դեր ունեցած եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան իր բացման խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց «Նայիրեան» երգի համոյթի շնորհալի անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսին, որ հակառակ անձրեւին եւ փոթորիկին կրցաւ ներկայ գտնուիլ համերգին։ Տէր Մեսրոպ յայտնեց, թէ համերգը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին, ընդգծելով հայ մշակոյթի կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրօ Կոստանդին Պետրոսեանին եւ Հայաստանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր՝ Նարեկ Յարութիւնեանին՝ «Նայիրեան» համոյթը հովանաւորելու եւ անոր այցի ընթացքին ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգը ութ համերգներու շարքին չորրորդն էր։ «Նայիրեան» համոյթը համերգներով պիտի շրջագայի ԱՄՆ-ի ութ քաղաքներու եւ հինգ նահանգներու մէջ:

 

«Նայիրեան» երգի համոյթը հիմնուած է 2015 թուականին, Երեւանի Մուղտուսեան արուեստի կեդրոնին կողմէ։ «Նայիրեան» համոյթի առաքելութիւնն է անմահացնել հայ դասական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, հանրածանօթ դարձնել հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւ սատար հանդիսանալու կանանց, անոնց իւրայատուկ մշակումներու եւ կատարողութեան միջոցով: Ներկայիս, համոյթը կը բաղկանայ չորս երիտասարդուհիներէ, որոնք բոլորն ալ մասնագէտ երաժիշտներ են։ Անոնք հիմնականապէս հանդէս կու գան բազմաձայնային «աքափէլլա» ոճով, բայց երբեմն անոնց երգերուն կը միանայ քլարինէթը, դափը եւ այլ նուագարաններ։ Համոյթը կատարած է հարիւրէ աւելի համերգներ։

2017 թուականին, «Նայիրեան» համոյթը արժանացաւ երեք մրցանակի։ Ան առաջին տեղը գրաւեց Մոսկուայի «ԿլոպըլՖէսթ» միջազգային փառատօնին, մեծագոյն պարգեւը ստացաւ Երեւանի «ԿլոպըլՖէսթ» միջազգային փառատօնին եւ Երեւանի «ԱրթՖէսթ» միջազգային երիտասարդական փառատօնին ընտրուեցաւ իբրեւ «Լաւագոյն խումբ»ը։ 2018 թուականին, Գիւմրիի մէջ կայացած «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին, «Նայիրեան» համոյթը արժանացաւ առաջին մրցանակին։ Այս յաջողութիւններուն յաջորդեցին համերգներ Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէի մէջ, ինչպէս նաեւ առցանց համերգ ԱՄՆ-ի հանդիսատեսին համար, որ հովանաւորուած էր Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին կողմէ։ Անոնք, 2020-ին Հայաստանը ներկայացուցին «ՎոքսՎըրչուալ» առցանց համերգին մէջ:

«Նայիրեան» համոյթի առանձնայատկութիւններէն է ժեստերու լեզուն, որ կ՚ուղեկցի հայ դասական երգերու կատարումներուն։ Անդամուհիներուն նրբագեղ շարժումները դարձած են հմայիչ կատարմներէն մաս մը, որոնք նաեւ ունին վեհ նպատակ՝ հայ դասական երգը ներկայացնելու խուլերուն եւ լսողութեան հարցեր ունեցողներուն: «Նայիրեան» համոյթը սկսած է թարգմանել եւ երգերը կատարել ժեստերու լեզուով 2018 թուականին։ Տարածաշրջանին մէջ ան միակ համոյթն է, որ թէ՛«աքափէլլա» եւ թէ՛ ժեստերու լեզուն միաժամանակ կը կատարէ ։ Մինչեւ 2023 թուականը, համոյթը ժեստերու լեզուով թարգմանած է հայ երաժշտահաններէն երեսուներկու երգ։

 

 

 «Նայիրեան» երգի համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն ու գլխաւոր երգչուհին է Նայիրա Մուղտուսեանը։ Անոր կը միանան Ելէնա Ազարեանը, Աննա Մինասեանը եւ Թինա Ասատրեանը։

Համերգէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Փաշալեան սրահին մէջ, ուր երաժիշտները հնարաւորութիւն ունեցան հանդիսատեսին հանդիպելու եւ ձայնասկաւառակներ ստորագրելու ։