image

ՆԱԹՕ. Զօրավարժութիւն եւ զոհեր

ՆԱԹՕ. Զօրավարժութիւն եւ զոհեր

Նորվեկիոյ հիւսիսը զօրավարժութիւններու ժամանակ արկածի ենթարկուած է ամերիկեան ռազմական MV-22B Osprey օդանաւը, որուն մէջ գտնուած է անձնակազմի չորս անդամ:

Կը նշուի, որ ԱՄՆ ծովային հետեւակին պատկանող օդանաւը մասնակցած է ՆԱԹՕ-ի «Պաղ պատասխան» կոչուող զօրավարժութիւններուն: Արկածը տեղի ունեցած է եղանակային դժուարին պայմաններու պատճառով` Նորտլենտ շրջանին մէջ:

Փրկարարական ուղղաթիռը եւ նորվեկիական «Օրիոն» ռազմական օդանաւը որոնողական աշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերած են կործանուած օդանաւին բեկորները:

Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը հաստատած է բեկորներու յայտնաբերումը` նշելով, որ անոնց մօտ «կենդանութեան նշաններ չկան»: