Եթէ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու զօրքերը մուտք գործեն Ուքրանիա, ապա կրնանք խօսիլ ոչ թէ հակամարտութեան հնարաւորութեան, այլ ատոր անխուսափելիութեան մասին: Մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի վերջին յայտարարութիւնները, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Իրավիճակը նոյնկերպ պէտք է գնահատեն ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները՝ փորձելով հասկնալ՝ արդեօ՞ք այդ ամէնը կը համապատասխանէ իրենց շահերուն, իրենց քաղաքացիներու շահերուն», -յայտարարած է Փեսքովը։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը երէկ ըսած էր, որ չի բացառեր ԵՄ երկիրներու զօրքերու տեղակայումը Ուքրանիոյ մէջ: