Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ բանակը հրամայած է ընդլայնել գործողութիւնները Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա» արմատական շարժման դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters լրատու գործակալութիւնը։
Նաթանիահու իր յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Ես հրահանգած եմ (զինուորականները) ընդլայնել իրենց ցամաքային գործողութիւնները Լիբանանի մէջ»։
Ան նաեւ նշած է, որ իր նպատակն է «աւելի խորացնել եւ ընդարձակել վերահսկողութիւնը այն վայրերու վրայ, որոնք նախապէս կը գտնուէին «Հըզպալլա»-ի վերահսկողութեան տակ»։