image

Նախարարի կողմէ լրագրողին դէմ եղած յարձակումը բուռն քննադատութիւններու արժանացաւ

Նախարարի կողմէ լրագրողին դէմ եղած յարձակումը բուռն քննադատութիւններու  արժանացաւ

ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանի կողմէ, 18 մարտին, սրճարանին մէջ լրագրող Փայլակ Ֆահրատեանի վրայ յարձակման մասին մամուլի հրապարակումները ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնն ուղարկած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ նիւթեր նախապատրաստելու համար։ Այս մասին յայտնած են Դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը։

Նշենք, որ Երեւանի մէջ գործող սրճարաններէն մէկուն մէջ լրագրող Ֆահրատեանը տեսած է, թէ ինչպէս նախարարը աշխատանքային իր ժամերը կ'անցընէ սրճարանը։ Լրագրողը մօտեցած եւ հարցուցած է՝ ինչո՞ւ աշխատանքային ժամը որոշած է անցընել սրճարանին մէջ: Արշակեանն ըսած է, թէ գիշերային ժամերուն կ'աշխատի. իրեն համար բոլոր ժամերը աշխտանքային են: Անկէ ետք նախարարը լրագրողէն խնդրած է՝ անջատել տեսախցիկը, լրագրողն անջատած է, որմէ ետք նախարարը սկսած է սպառնալ անոր։ Այդ խօսակցութենէն ետք լրագրողը բարձրացած վեր եւ շարունակած իր աշխատանքը, Յակոբ Արշակեանն ալ անոր ետեւէն բարձրացած է վեր եւ յարձակած է լրագրողին վրայ:

Լրագրողը ցոյց տուած է վնասուած համակարգիչը եւ վնասուած ձեռքը՝ նշելով. «Ահա տեսնում էք, որ ձեռքս է վնասուել: Բացի դրանից Արշակեանը հարուածեց իմ համակարգչին, որի հետեւանքով իմ համակարգիչը կոտրուել է, սեղանին դրուած հեռախօսս նոյնպէս վնսուել է: Այստեղ կան տեսախցիկներ, ես պահանջելու եմ, որ սրճարանից հանուեն այդ տեսագրութիւնները, եւ ներկայացնելու եմ ոստիկանութիւն: Սա ընդունէք հաղորդում յանցագործութեան մասին»։